Եւրոպական երկիրները պէտք է խելամիտ յարաբերութիւններ ունենան Ռուսիոյ հետ, որպէսզի դուրս գան տնտեսական ճգնաժամէն, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Վիեննայի մէջ Իրանէն բանակցողներու պատուիրակութեան խորհրդական՝ Մուհամմատ Մարանտին։
«Անոնց (Եւրոպայի) տնտեսական ճգնաժամի միակ լուծումը Ռուսիոյ հետ աւելի տրամաբանական, աւելի խելամիտ յարաբերութիւններ ունենալն է»,- ըսած է Մարանտին։