Թուրքիան Եւրոմիութենէն կ՚ակնկալէ աւելի խելամիտ եւ արդար մօտեցում երկրի անդամակցութեան հարցով, ինչպէս նաեւ արագ քայլեր՝ մաքսային միութեան շրջածիրէն ներս յարաբերութիւններու թարմացման եւ վիզային ռեժիմի պարզեցման ուղղութեամբ։ Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը՝ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով Եւրոմիութեան յանձնակատար Օլիվըր Վարհէի հետ հեռախօսազրոյցին։
Ան ըսած է նաեւ, որ սխալ կը համարէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեան քննարկումը, որ պատրաստած են Եւրոյանձնաժողովը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը, յաջորդ գագաթնաժողով տեղափոխելը։
Թուրքիան պաշտօնապէս կը ձգտի Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դառնալ 2005 թուականէն։ Բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտը Կիպրոսի խնդիրն է։