image

Իրանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Իրանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 17 մարտին հեռախօսազրոյց ունեցած են՝ քննարկելով երկկողմ յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային զարգացումները։ Այս մասին յայտնած է իրանական IRNA-ն։

Ապտուլլահեան նշած է, որ Իրանի դրական փոխգործակցութիւնը հարեւան եւ տարածաշրջանային երկիրներու հետ ճանապարհ կը հարթէ տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան, զարգացման եւ կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վրայ հիմնուած միջազգային աւելի մեծ ձեռքբերումներու համար։

Չաւուշօղլու ողջունած է Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը՝ կարծիք յայտնելով, որ այս զարգացումը կը տանի դէպի իսլամական աշխարհի դիրքերու ամրապնդման, իսլամական երկիրներու միջեւ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման։ 

Նախարարները տեսակէտներ փոխանցած են երկկողմ կապերու ընդլայնման շուրջ։

IRNA-ի հաղորդմամբ, հեռախօսազրոյցին քննարկուած են նաեւ Իրանի յարաբերութիւններն Ատրպէյճանի հետ։