image

Իրանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարներու միջեւ քննարկում

Իրանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարներու միջեւ քննարկում

Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները հինգշաբթի հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են շարք մը հարցեր, նեարառեալ՝ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան շէնքին Իսրայէլի հարուածը։ Այս մասին գրած է mehrnews.com-ը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը եւ անոր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Թեհրանի եւ Անգարայի երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։

Իրանի եւ Թուրքիոյ երկու բարձրաստիճան դիւանագէտները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները, յատկապէս Պաղեստինի եւ շրջափակուած Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի շարունակուող պատերազմը։