Թեհրանի դատարանը հակակառավարական ցոյցերու մասնակցի համար կայացուցած է առաջին նախնական մահապատժի վճիռը։ Ցուցարարը մեղաւոր ճանչցուած է կառավարական շէնքը հրկիզելու, հանրային կարգը խախտելու, ազգային անվտանգութեան դէմ յանցագործութիւն կատարելու դաւադրութեան մէջ, յայտնած է իրանեան Mizan Online գործակալութիւնը։
Ամբաստանեալը յայտարարուած է «Աստծոյ թշնամի»։ Ան կրնայ բողոքարկել դատավճիռը։ Եւս հինգ հոգի դատապարտուած են հինգէն տաս տարուան ազատազրկման՝ ազգային անվտանգութեան դէմ յանցանք գործելու եւ հանրային կարգուկանոնը խախտելու համար։
Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին արդէն մէկուկէս ամիս։ Ցոյցերը սկսած են 22-ամեայ քիւրտ կնոջ՝ Մահսա Ամինիի մահէն ետք, որ ձերբակալուած էր Թեհրանի բարոյականութեան ոստիկանութեան կողմի կողմէ՝ իսլամական հագուստի կանոնները խախտելու համար:
Անցեալ շաբաթ իրանցի պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը յորդորած է դատաւորները «կատարել հաշուեյարդարի վճիռը» ձերբակալուածներու նկատմամբ։ Մինչ օրս աւելի քան 1000 մեղադրանք առաջադրուած է։ Իրաւապաշտպաններու տուեալներով՝ անկարգութիւններու ժամանակ աւելի քան 14 000 մարդ բերման ենթարկուած է։