Հոկտեմբեր 6-ին Արցախի բռնագրաւուած Կովկասկանի շրջանին մէջ՝ Աղբենդ գիւղի տարածքին մէջ, «Ատրպէյճանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութիւններու միջեւ՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի (Արցախի բռնագարաւուած տարածքներ-Խմբգ.) եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Իրանի տարածքով հաղորդակցութեան նոր կապեր ստեղծելու վերաբերեալ» յուշագրի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է ճանապարհային կամուրջի եւ սահմանամաքսային ենթակառուցուածքներու հիմնարկեքի արարողութիւն, սկսած են շինարարական աշխատանքները։
Ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ-ն, միջոցառման մասնակցած են Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ տնտեսական, առեւտուրի եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան պետական յանձնաժողովի համանախագահ Շահին Մուսթաֆաեւը եւ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար, յանձնաժողովի իրանցի համանախագահ Մեհրտատ Պազրփաշը:
Համապատասխան պետական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները Շահին Մուսթաֆաեւին եւ Մեհրտատ Պազրփաշին մանրամասն տեղեկացուցած են Արաքս գետի վրայէն կամուրջի համակարգերու եւ տեխնիկական յարաչափերու մասին, կամուրջներու եւ տարածքով անցնող երկաթուղային գիծի կառուցման ծրագրերու մասին։