image

Իրան Յաջողած Է ISIS-ի Հետ Կապ Ունեցող Ցանց Մը Բացայայտել

Իրան Յաջողած Է  ISIS-ի Հետ Կապ Ունեցող Ցանց Մը  Բացայայտել

 Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան «Յեղափոխութեան Պահակներ»ը   յաջողած են  ISIS –ին  հետ կապ ունեցող   ցանց մը բացայայտել: Այս մասին   այսօր յայտարարած է «Յեղափոխութեան   պահակներ»ու գլխաւոր հրամանատար Զօր.  Մոհամմէտ Ճաաֆարին: Զօրավարը նաեւ ըսած է, թէ   յանցախումբին բացայայտումը  եղած  է Իրաքի հետ սահմանակից Քարմանշահ  գաւառին մէջ: Իրանցի  զինուորականը նաեւ    յայտնած է, որ  ISIS անկարող է Իրան  թափանցել  շնորհիւ իրենց իրականացուցած ապահովական խստագոյն  կարգադրութիւններուն: Ան դրուատիքով խօսած է   Ռուսիոյ  շրջանին մէջ  ունեցած դերին  մասին   հաւաստելով,  որ Ռուսիա առաջիննն էր, որ  նախազգաց  ISIS-ի ու անոր նման  ահաբեկչական տարրերու ներկայացուցած       վտանգը: