image

Հայաստանը յանցաւորութեան ամենացած մակարդակ ունեցող երկիրներու աղիւսակին մէջ 9-րդ տեղն է

Հայաստանը յանցաւորութեան ամենացած մակարդակ ունեցող երկիրներու աղիւսակին մէջ  9-րդ տեղն է

Ըստ World Population Review անկախ միջազգային կազմակերպութեան 2023 թուականի վարկանիշի՝ Հայաստանը յանցաւորութեան ամենացած մակարդակ ունեցող երկիրներու աղիւսակին մէջ կը զբաղցնէ 9-րդ տեղը։

Կառավարութեան նիստի ժամանակ այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«World Population Review կազմակերպութիւնը կազմել է յանցաւորութեան մակարդակն ըստ երկիրների 2023 թուականի աղիւսակը։ Հայաստանը յանցաւորութեան ամենացածր մակարդակ ունեցող երկրների մակարդակով զբաղեցրել է 9-րդ տեղը։ Այսինքն, մենք քրէածին իրավիճակի հետ կապուած աշխարհի լաւագոյն երկրների ցանկում 9-րդ տեղում ենք»,-ըսած է վարչապետը։

Փաշինեանն ընդգծած է ոստիկանութեան, քննչական մարմիններու եւ դատախազութեան աշխատանքի որակը, որ, ըստ անոր, ազդած է յանցաւորութեան ցած աստիճանի վրայ։

«Ի հարկէ, 9-րդ տեղը շատ բարձր ցուցանիշ է, բայց մեր նուազագոյն պլանը պէտք է լինի, որ այս ցուցանիշից չնահանջենք եւ աւելի լաւ տեղեր զբաղեցնենք»,- աւելցուցած է վարչապետը։