image
Հրատապ լուրեր:

Իրան- Պելառուսիա ռազմական համագործակցութեան նոր էջ

Իրան- Պելառուսիա ռազմական համագործակցութեան նոր էջ

Իրանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Մոհամետ Պաղերին Պելառուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Վիքթոր Խրենինի հետ քննարկած է Թեհրանի եւ Մինսքի միջեւ ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։ Այս մասին գրած է IRNA-ն։

Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են զինուած ուժերու պատրաստման ու կիրառման ոլորտի մէջ համագործակցութեան վիճակն ու հեռանկարները, նաեւ նախանշուած են երկկողմ համագործակցութեան խորացման եւ աշխուժացման հետագայ քայլերը։

Պաղերին նշած է, որ այսօր «անկախ երկիրները, որոնք կը բախին Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի կոշտ պատժամիջոցներուն, պէտք է զարգացնեն յարաբերութիւններն ու փոխգործակցութիւնը իրար հետ»։