image
Հրատապ լուրեր:

Իրան Մոսկուայէն «Սոխոյ 30» Տիպի Կործանիչներ Պիտի Գնէ

Իրան Մոսկուայէն  «Սոխոյ 30»  Տիպի Կործանիչներ Պիտի Գնէ

 Իրան-  («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)  Իրան  մտադիր է Ռուսիայէն «Սուխոյ  30»  տիպի  կործանիչներ գնել: Այս մասին գրած է       Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Հայաթ»ը: Թերթը, որ  իր  տեղեկութիւնները ստացած է  Իրանի նախագահի խորհրդական  Սորնա  Սթարիէն նաեւ կը հաղորդէ,  որ Իրան   կը պատրաստուի  յաւելեալ    համագործակցութիւն  ստեղծել ռուսական  կողմին հետ յատկապէս  գիտական,     զինուորական եւ  օդանաւային  ոլորտներուն մէջ:   Այլ գետնի վրայ իրանեան կորիզային գործակալութեան պետ Ալի   Աքպար Սալէհի, որ օրերս Փէքին կը գտնուի  Չին իր գործընկերներուն  հետ քննարկած է   Իրանեան «Արաք» կորիզային  կայանի  վերանորոգման      հարցը: