image

Իրան կը խօսի պատերազմի նոր օճախներու մասին

Իրան կը խօսի պատերազմի նոր   օճախներու մասին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի լիակատար աջակցութիւնն Իսրայէլին կրնայ յանգեցնել Միացեալ Նահանգներու դէմ նոր ճակատներու բացման:

«Միացեալ Նահանգները խորհուրդ կու տայ միւսներուն զսպուածութիւն դրսեւորել, բայց ինքը լիովին կ'աջակցի Իսրայէլին»,- ըսած է ան ուրբաթ օր Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցին։ «Եթէ Միացեալ Նահանգներ շարունակէ ընել այն, ինչ կ'ընէր, Միացեալ Նահանգներու դէմ նոր ճակատներ պիտի բացուին»:

Նախարարն ընդգծած է, որ հակամարտութեան սրումը պիտի յանգեցնէ Կազայի շրջանի բնակչութեան հետագայ մահուան, եւ որպէս հետեւանք «իրավիճակը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէն ողջ տարածաշրջանին մէջ»։ «Ամերիկեան կողմը պէտք է որոշէ՝ իրօ՞ք կը ցանկայ պատերազմի սրացում եւ վատթարացում»,- համոզուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը։

«Նոր ճակատներու բացումն անխուսափելի է, եւ այդ կը ստիպէ, որ Իսրայէլ զղջայ իր գործողութիւններուն համար»,- ըսած է ան։ - (Իրավիճակը) պայթումի եզրին է։ Ամէն ինչ հնարաւոր է, ցանկացած ճակատ կրնայ բացուիլ»:

«Մենք նոր զօրքեր չենք ուղարկած Սուրիա կամ տարածաշրջանի այլ շրջաններ։ Բայց մենք պարզապէս չենք հետեւիր, թէ ինչ կը կատարուի: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի գործէ իր ազգային շահերուն համապատասխան»,- եզրափակած է նախարարը։