image
Հրատապ լուրեր:

Իրան-ԱՄՆ նոր գործարքի ճանապա՞րհ.Արիւնի եւ ցաւի մէջէն..

Իրան-ԱՄՆ նոր գործարքի ճանապա՞րհ.Արիւնի եւ ցաւի մէջէն..

Սագօ  Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Իրանը կրնայ նոր փուլ մտնել, բայց Իրանի մէջ այս իշխանութեան ամբողջական տապալումը շատ հեռու է իրականութիւնէն…

 

րանի մէջ  տեղի ունեցող դէպքերը ամէնօրեայ ռէժիմով դիտարկուելիք   իրադարձութիւններ են։

 Մինչ երէկ ԱՄՆ-Իրան  լարուածութիւնը կը հասնէր իր գագաթնակէտին, այսօր  սակայն նոր իրավիճակի մը դիմաց ենք։

 Անկախ ամէն ինչէ ու նաեւ մէկդի դնելով գալիք զարգացումները Իրանի պարագային ամէնացաւագինը պիտի ըլլայ   հարիւրաւոր, չըսելու համար հազարաւոր զոհերու պարագան…

 Անոնք պիտի մոռցուին, մոռացութեան տրուին, հաշուի առնելով անշուշտ, որ գալիք բանակցութիւններու պարագային այդ զոհերը «մունջ» են, անխօս ու լռութեան մատնուած։ Ձայն չունենալու պատճառով  ուրեմն անոնց   զոհաբերութեան կամ զոհ դառնալու հանգամանքը կրնայ անտեսուիլ։

 Այս բոլորէն ետք ու հաշուի առնելով այսօր տիրող մթնոլորտը, ապա երեւելի  կը դառնայ, որ ԱՄՆ  շատ լաւ հասկցած է, որ Իրանի այս վարչակարգը իրեն համար ամենալաւն է… 

 Թոյլ այլընտրանք մը կայ, որուն  մասին  նախագահ Թրամփն ալ ակնրակեց, ու բաց աստի համընդհանուր քաոսի մը երթալը Իրանի մէջ կրնայ վնասել ամերիկեան շահերուն, Արաբական Ծոցի երկիրներուն, անգամ՝ Իսրայէլին։

 Գոյութիւն ունի նաեւ հիմնարար վարկած, որ բողոքի այս ալիքը պէտք էր երկու կողմերուն համար՝ Իրանին եւ ԱՄՆ-ին, որպէսզի բանակցութիւնները նոր թափ ստանան եւ հասնին որոշակի արդիւնքներու։

 Այս բոլորը նժարի վրայ դնելով ի վերջոյ ԱՄՆ ու նախագահ Թրամփ պիտի հասկնան, որ  Իրանը հարուածելու  արարքը, պիտի չկարողանայ լուծել այդ երկրի համակարգային հարցերը, այլ միայն ու միայն աւելի պիտի վատթարացնէ  Իրանի իրավիճակը։ 

 Անշուշտ  այստեղ ամէնէն հնչեղ խօսքը այսօր լսելի դարձաւ Իրանի ԱԳ նախարարէն, որ իրենք պատրաստ են ամբողջական եւ մշտական  վստահեցումներ կատարել, որ Իրանը երբեք միտում չունի ու պիտի չունենայ  կորիզային-աթոմական   զէնք ունենալու։

Իրանը կրնայ նոր փուլ մտնել, բայց Իրանի մէջ այս իշխանութեան ամբողջական տապալումը շատ հեռու է  իրականութիւնէն…