image

Իր մահկանացուն կնքեց Հալէպի ՀՄՄ-ի նուիրեալներէն ` Վարդան Մէլքիսէթեան

Իր մահկանացուն կնքեց Հալէպի ՀՄՄ-ի  նուիրեալներէն ` Վարդան  Մէլքիսէթեան

Այս առաւօտ Հալէպի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Վարդան Մէլքիսէթեան:  Հանգուցեալը ծնած է  Հալէպ 1950-ին:  Ան աւարտած է Հալէպի «Կիլիկեան ճեմարան»ը 1979  թուականին: Վարդան Մէլքիսէթեան երկար տարիներ  անդամ եղած է Հալէպի ՀՄՄ-ին  եւ որպէս    սկատուատական խմբապետ ծառայած է  գաղութէն  ներս: Նոյնպէս  եղած է անդամ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան եւ «Կիլիկեան Ճեմարան»ի  հոգաբարձութեան անդամ:    Վարդան Մէլքիսէթեան  մաս կազած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան  եւ  երկար  տարիներ ծառայած է, որպէս նուիրեալ  կուսակցական: Վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով   ընտանեօք կը հաստատուի Երեւան: «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով հանգուցեալին   յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը  կատարուած են այսօր Հալէպի Սայրաֆի շրջանին  մէջ  գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: