image

Իպրահիմ Քալըն մատնացոյց ըրաւ իրենց «թիրախ»ը. Այդ թիրախը սփիւռքն է

Իպրահիմ Քալըն մատնացոյց ըրաւ իրենց «թիրախ»ը. Այդ թիրախը սփիւռքն է

Հայ-թրքական գործընթացը պիտի ոչնչացնէ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական սփիւռքի փաստարկները, Շիքակոյի մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Իպրահիմ Քալինը։

Ան յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական լոպպին հակաթրքական տրամադրութիւնները իր ինքնութեան մաս դարձուցած է:

«Կովկասի մէջ հիմա բոլորովին այլ գործընթաց կ'իրականացուի, եւ այն հիմքը, որու վրայ այդ սփիւռքը կառուցած է իր բոլոր փաստարկները, կործանման եզրին է։ Այսինքն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հակամարտութիւնը կամ հայ-թրքական հակամարտութիւնը Կովկասի մէջ կը մօտենայ աւարտին։ Ղարաբաղի ազատագրմամբ եւ այդ շրջանի` Ատրպէյճանի կազմ վերահամալրմամբ պատմութեան նոր էջ բացուած է», ըսա է Քալինը։

Անոր խօսքով` ուրիշ ոչ ոք այս առումով ուրիշ ակնկալիքներ ունի, Անգարան եւ Երեւանը փոխադարձ քայլերու կը ձեռնարկեն յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Միաժամանակ, Թուրքիոյ նախագահի մամուլի քարտուղարը նշած է, որ Հայաստան ամենաշատը պիտի շահի կարգաւորումէն:

«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը մեծ ներդրում պիտի ունենայ Հայաստանի համար` որպէս դեպի ծով ելք չունեցող, տնտեսապէս թոյլ եւ Ռուսաստանի խնամակալութեան տակ գտնուող երկիր` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական առումներով», ըսած է Քալինը։