Երէկուընէ այդ մասին կը մտածէի, կը մտածէի, որ Ռուսաստան եւ անձամբ Վ. Փութին ամէն ճիգ պէտք է ընէ «օրինականացնելու» համար «Թալեպան» շարժումի իշխանութիւնը։
Անշուշտ օդէն չեկաւ այդ մտածմունքս, որովհետեւ վերջին օրերուն տեսնելով ու նախազգալով Անգարա- Գանտահար (այո նախ Գանտահար յետոյ միայն Քապուլ) «սիրազեղ» մօտեցումները մտքէս նաեւ անցաւ, որ Թուրքիա օգնութեան կրնայ կանչել «Թալեպան» մուջահիտները Իտլիպի եւ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ։ Մինչ շատ-շատեր կը հաւատային, որ Քապուլի մէջ «Թալեպան»-թրքական ուժեր բախումներ կրնան սկսիլ, այսօր պատկերը բոլորովին այլ է։
Իսկ եթէ «Թալեպան»ի կազմակերպուած խմբակներ Իտլիպ հասնին, այ այն ատեն լուրջ գլխացաւանք կրնան դառնալ, ոչ միայն Ասատի իշխանութեան համար (երկար կտրուածքով) այլ նաեւ Ռուսաստանի ոբւ Սուրիոյ մէջ առհասարակ Ռուսական բլանին կամ ներկայութեան դէմ։
Հիմա «Թալեպ»ներուն հետ ընկերութիւն ընելու ժամանակն է, ու ռուսները «յառաջապահ»ը պիտի դառնան այդ ընկերութեան եւ գործընթացներուն օրինականացման։
Նիւթ՝ Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն։