Ռուսիան նպատակ ունի ընդլայնել Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան իրականացուող բեռնափոխադրումներու տեսականին եւ ծաւալները։ Բացի հացահատիկի մատակարարումներէն, այժմ կը քննարկուի պարարտանիւթերու տեղափոխման հնարաւորութիւնը։ Այս մասին Ռոսսիա 24-ի եթերով յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
«Մենք նաեւ կը քննարկենք Հայաստանէն Ռուսիա Ատրպէյճանի միջոցով հակադարձ բեռնափոխադրումներու ապահովման մասին։ Ասոնք առաջընթացներ են, որոնք վերջերս անհաւանական կը թուային», – նշած է Օվերչուքը։