Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու՝ Անուար Քըրքաշ երէկ յայտարարեց, որ Ապու Տապին դեսպան պիտի ուղարկէ Թեհրան եւ կ՛ուզէ վերականգնել անոր հետ յարաբերութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» կայանը:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրանի դէմ առանցքի մը մաս պիտի չկազմեն, նոյնիսկ եթէ նշուի, թէ շրջանին մէջ Թեհրանի վարմունքը դիւանագիտական ջանքերուն չի նպաստեր», շեշտեց Քըրքաշ` աւելցնելով. «Ապու Տապին դրական տրամադրուած է ամէն ինչի նկատմամբ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը պաշտպանէ, առանց երրորդ երկիր մը թիրախաւորելու»:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրանի հետ դիմակայման հայեցակարգի գաղափարը չեն որդեգրեր», նշեց ան:
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ՝ Եայիր Լափիտ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումէն ետք կոչ ուղղած էր «Իրանը դիմակայելու համար շրջանին մէջ չափաւորական երկիրներէ կազմուած դաշինք մը ստեղծելու»: