image

Իմարաթներ Իրանի դէմ դուրս պիտի չգայ

Իմարաթներ Իրանի դէմ դուրս պիտի չգայ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու՝ Անուար Քըրքաշ երէկ յայտարարեց, որ Ապու Տապին դեսպան պիտի ուղարկէ Թեհրան եւ կ՛ուզէ վերականգնել անոր հետ յարաբերութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» կայանը:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրանի դէմ առանցքի մը մաս պիտի չկազմեն, նոյնիսկ եթէ նշուի, թէ շրջանին մէջ  Թեհրանի վարմունքը դիւանագիտական ջանքերուն չի նպաստեր», շեշտեց Քըրքաշ` աւելցնելով. «Ապու Տապին դրական տրամադրուած է ամէն ինչի նկատմամբ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը պաշտպանէ, առանց երրորդ երկիր մը թիրախաւորելու»:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրանի հետ դիմակայման հայեցակարգի գաղափարը չեն որդեգրեր», նշեց ան:

Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ՝ Եայիր Լափիտ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումէն ետք կոչ ուղղած էր «Իրանը դիմակայելու համար շրջանին մէջ չափաւորական երկիրներէ կազմուած դաշինք մը ստեղծելու»: