image

Ի՞նչ խնդիրներ ունի Զէլէնսքին

Ի՞նչ խնդիրներ ունի Զէլէնսքին

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթօն համաձայնած է Հունգարիոյ խորհրդարանի խօսնակ Լասլօ Քեօվերի այն կարծիքին հետ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքին «հոգեբանական խնդիրներ» ունի:

«Մինչ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Հունգարիոյ մէջ կ'աշխատին Ուքրանիոյ եւ ուքրանացի ժողովուրդին օգնելու համար, ուքրանացի քաղաքական գործիչները անընդհատ կը խօսին Հունգարիոյ մասին անընդունելի ոճով, կը սադրեն մեզ, սուտեր կը յօրինեն եւ կը փորձեն նսեմացնել մեզ: Ոչ մէկ անգամ շնորհակալական խօսքեր հնչեցին:

Ելլելով այս ամէնէն` Լասլօ Քեօվերը միանգամայն իրաւացի է, նոյնիսկ եթէ ուքրանացիները վրդոված են», գրած է ան Ֆէյսպուքով:

Աւելի վաղ Քեօվերը յայտարարած էր, որ Զէլէնսքին կը պայքարի «հոգեբանական խնդիրներու» դէմ:

«Անոնք, ովքեր օգնութեան կարիք ունին, քաղաքավար ձեւով կը խնդրեն: Յամառօրէն, ի հարկէ, բայց միշտ կը խնդրեն, երբեք չեն պահանջեր եւ առաւել եւս չեն սպառնար: Սովորաբար մարդը կը սպառնայ իր թշնամիներուն, այլ ոչ թէ անոնց, որոնց ան կը փափաքի իրեն ընկեր դարձնել», ըսած է ան` այդ բացատրելով Զէլէնսքիի «անձնական հոգեբանական խնդրով»: