image
Հրատապ լուրեր:

«Ի Գործ» 2024 ծրագրով սփիւռքահայ մասնագէտները կը հրաւիրուին աշխատելու Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ

«Ի Գործ» 2024 ծրագրով սփիւռքահայ մասնագէտները կը հրաւիրուին աշխատելու Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ (յունուար 22, 2024 թուական) – ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը մեկնարկէ «իԳործ» 2024 ծրագրի յայտադիմումներու ընդունումը, որ սփիւռքահայ մասնագէտներուն հնարաւորութիւն կու տայ մէկ տարի ժամկէտով աշխատելու Հայաստանի պետական կառավարման 20-է աւելի մարմիններու մէջ:  Ծրագրին կրնան դիմել այն սփիւռքահայ մասնագէտները, որոնք ունին Պսակաւոր Արուեստից վկայականի աստիճան եւ առնուազն 5 տարուան աշխատանքային փորձ կամ Մագիստրոսական վկայականի աստիճան (կամ համարժէք կամ աւելի բարձր) եւ 3 տարուան մասնագիտական աշխատանքային փորձ: 

2024 թուականի յայտադիմումները կ՛ընդունուին մինչեւ մարտ  4` հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերենով:

 Հարցազրոյցներու վերջնական փուլը յաջողութեամբ անցած մասնագէտները այս տարուան սեպտեմբեր 1-էն աշխատանքի պիտի անցնին ՀՀ համապատասխան  գերատեսչութիւններու մէջ: 

Ընտրուած մասնակիցներուն կը տրամադրուի օդանաւի տոմս (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), կեցութեան նպաստ` ամսական 336.000 ՀՀ դրամ ծրագրին ընթացքին, առողջութեան ապահովագրութիւն եւ մէկ տարուան կացութեան կարգավիճակի տրամադրման վճարը:

Հ. Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ` 5 մասնագէտներ ծրագրի ծիրէն ներս հնարաւորութիւն կ՛ունենան աշխատելու Շիրակի մարզին մէջ:

Մասնագէտները կրնան լրացնել յայտադիմումները սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կայքին մէջ հետեւեալ յղումով ՝ http://diaspora.gov.am/hy/programs/25/fellowship:

«իԳործ» ծրագիրը կ՛իրականացուի 5-րդ անգամ: Այն Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ իրականցուող առաջին ծրագիրն է, որու ծիրին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտները պետական մակարդակով կը հրաւիրուին աշխատանքի ՀՀ կառավարութեան  եւ այլ գերատեսչութիւններու մէջ: 

Ծրագրի ծիրին մէջ արդէն իսկ սփիւռքահայ 200 մասնագէտ աշխատանքի անցած է Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ:  Ծրագրի աւարտէն  ետք անոնց 70 տոկոսէն աւելին մշտական աշխատանքի անցած է Հայաստանի մէջ, այդ շարքին` զբաղեցնելով բարձրաստիճան պաշտօններ:

Ծրագիրը ներառուած է Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան լաւագոյն փորձերու շտեմարանին մէջ, ինչպէս նաեւ որպէս օրինակելի ծրագիր ներկայացուած է Եւրոպական միութեան ապագայի համաժողովի ծիրին մէջ:

Հարցերու պարագային կարելի է կապ հաստատել ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին հետ diasporafellowships@gov.am  ել. հասցէով: