image

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները յարգեցին հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը

 Հայ Կաթողիկէ   Մեսրոպեան  վարժարանի աշակերտները յարգեցին հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը

 Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Լիբանանի հայկական վարժարանները, որոնց մէջ ալ Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի սաները  այցելած է Անթիլիաս յարգելու համար յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Դիմատետրի «Մեսրոպեան վարժարանի էջ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Մեսրոպեանի աշակերտները մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման Լիբանանի հայկական վարժարաններու աշակերտական աւանդական հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, 22 Ապրիլին:

Այս առիթով, Մեսրոպեանի աշակերտները ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Նահատակաց մատուռին առջեւ: Հաւաքին ներկայ եղաւ մեր վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ:

Հաւաքի գեղարուեստական մասով Մեսրոպեանի աշակերտուհի Մէյրի Էքմէքճեան ասմունքեց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ մեծանուն բանաստեղծ Սիամանթոյի «Ափ մը Մոխիր» բանաստեղծութիւնը, ներկաներուն հաղորդելով հայրենի հողին կորուստին ցաւն ու անոր վերատիրանալու կամքը: