Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտ 12-ին ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանը:
Բարձր գնահատելով համահայկական խնդիրներու լուծման գործին մէջ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը` երկրին ղեկավարը կարեւորած է կառոյցի աշխարհասփիւռ ներուժի արդիւնաւէտ իրացմանն ուղղուած ջանքերը` ընդգծելով իր լրիւ պատրաստակամութիւնը այդ առումով: Նախագահը առանձին անդրադարձած է Հայ դատի գրասենեակներու հետ համագործակցութեանը` նշելով, որ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովէն յետոյ արդիւնաւէտ հանդիպում ու քննարկում ունեցած է նաեւ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին ու աշխարհի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: