image

ՀՅԴ-ն նշեց կուսակցութեան հիմնադրման 131-ամեակը

ՀՅԴ-ն  նշեց կուսակցութեան  հիմնադրման  131-ամեակը

Այսօր` Փետրուար 5-ին «Դուին հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան մասնակցեցան կուսակցականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ Հայաստանէն, Սփիւռքէն ու Արցախէն: 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ նաեւ ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, Հայաստանի նախկին վարչապետներ Վազգէն Մանուկեանը, Հրանդ Բագրատեանը, Խոսրով Յարութիւնեանը, ԱԺ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը եւ այլ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներուն յիշատակը:

Հանդիսաւոր միջոցառումը մեկնարկեց ՀՅԴ-ի անցած ճանապարհի մասին պատմող ֆիլմով: Ներկայացուեցան  կուսակցութեան գործունէութեան տարբեր շրջափուլերը` ազգային ազատագրական պայքարի կազմակերպում ու առաջնորդում, հայկական հարցի վրայ եւրոպական երկիրներու ուշադրութեան սեւեռում, հայ բնակչութեան ինքնապաշտպանութիւն, կամաւոր բանակ եւ այլն:

Խօսք առնողները վեր հանեցին ՀՅԴ-ի անցած դարաւոր ճանապարհը, նշելով նաեւ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ ալ եղած է առաջամարտիկ՝ իրականացնելու հայ ժողովուրդի ազգային հիմնարար ծրագիրները: Խօսք առնողները նաեւ իրենց խոր դժգոհութիւնը յայտնեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած վարքին վերաբերեալ, նշելով նաեւ որ առկայ պառակտումը փորձ կը կատարուի տարածել նաեւ Սփիւռքով մէկ:

Արտասանուած խօսքերուն մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ իշխանափոխութեան օրակարգը կը մնայ գերկարեւոր, մասնաւորապէս այս ժամանակաշրջանին, եւ Դաշնակցութիւնը պատրաստ է իր ամբողջ ներուժով պայքարելու այս իշխանութիւններուն դէմ:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստաակն կոկիկ յայտագիր մը: