Արցախի Հանրապետութաեն Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան նախագահ ընտրուած է Ազգային Ժողովի նախագահ։
Այս մասին տեղեկութիւնը տարածուած է հայրենի լրատուամիջոցներու կողմէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Դաւիթ Իշխանեանի յօգուտ քուէարկած են 22 պատգամաւորներ, իսկ դէմ 9 պատգամաւորներ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան առողջական պատճառներով հրաժարական տուած էր։