image

ՀՅԴ-ական Դաւիթ Իշխանեան ընտրուեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ

   ՀՅԴ-ական Դաւիթ Իշխանեան ընտրուեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ

Արցախի Հանրապետութաեն Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան նախագահ ընտրուած է Ազգային Ժողովի նախագահ։

 

Այս մասին տեղեկութիւնը տարածուած է հայրենի լրատուամիջոցներու կողմէ։ 

Կը նշուի նաեւ, որ Դաւիթ Իշխանեանի յօգուտ քուէարկած են 22 պատգամաւորներ, իսկ դէմ 9 պատգամաւորներ։

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան առողջական պատճառներով հրաժարական տուած էր։