image

Հոս եմ Հայաստան-Թուրքիա կամուրջը կրկին շինելու համար. Կարօ Փայլան

Հոս եմ Հայաստան-Թուրքիա կամուրջը կրկին շինելու համար. Կարօ Փայլան

19 սեպտեմբերին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ծիրին մէջ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» նիւթով քննարկման ընթացքին Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հաստատած է, որ առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու` Թուրքիան երբեք ժողովրդավարական պետութիւն չի դառնար, ո՛չ ալ քրտական հարցը լուծում կը ստանայ: Անոր համաձայն, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ առանց առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ:

«Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք է ունենանք առաւե՛լ լայն տեսլական, մի՛այն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, մի՛այն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ բանալ սահմանները Հայաստանի հետ, հակառակ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք սպասելու յաւելեալ տասնեակ տարիներ: Թուրքիան ներկայիս կրկին կ՛ապրի մութ ժամանակաշրջան: Ան վերադարձած է այն ժամանակաշրջանին, երբ խորհրդարանին մէջ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելը յանցանք կը նկատուի: 102 տարի առաջ տեղի ունեցաւ մեծ ոճիր, եւ անիկա կը շարունակուի այսօր, քանի որ անպատիժ մնացած իւրաքանչիւր ոճիր կ՛առաջնորդէ նոր ոճիրի: Ինչպէս 100 տարի առաջ Արեւմուտքը իր աչքերը փակեց Ցեղասպանութեան ի տես, ներկայիս ալ նոյնը կ՛ընէ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն դիմաց: Ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար», ըսած է հայ երեսփոխանը:

Կարօ Փայլանի համաձայն, Թուրքիան այսօր կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն, յետընթաց կ՛ապրի նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն գծով: Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը նոյնպէս կը նշանակէ` հեռացում ժողովրդավարութենէն. «Ես այս մասին խօսած եմ խորհրդարանին մէջ, ըսած եմ, որ մեծ սխալ մը տեղի ունեցած է: 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը. ես խորհրդարանին մէջ ըսած եմ, որ եթէ երկրին մէջ ընդունուի նոր Սահմանադրութիւն, նոյն աղէտը պիտի ունենանք, այսօր այդ ճանապարհին ենք: Թուրքիան 100 տարի ետք ալ կը շարունակէ ոճիր գործել», ըսած է Փայլան:

Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ Մուշի, Համշէնի մէջ հարիւրաւոր հայեր կան: «Թուրքիոյ հայերը, դժբախտաբար, դարձեալ վախի մէջ են, դարձեալ անձայն մնացած են: Լուռ մնալը, սակայն, դեռ ապահովութեան երաշխիք չէ: Անձայն մնալ չի նշանակեր հանգիստ ըլլալ, չես կրնար հանգիստ ըլլալ ազգայնամոլներուն մէջ: Ատոր համար ալ, եթէ ազգայնականները վրադ յարձակին, պէտք է պատասխանես: Եթէ անձայն մնաս, ազգայնականները աւելի եւս կը յարձակին վրադ», ըսած է ան:

Կարօ Փայլան ըսած է, որ Հայաստան եկած է իշխանութիւններուն հետ քննարկելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացումը: «Ազգայնականները ուժ ունին, բայց եթէ մենք ըսենք, որ թուրքը թուրք է, անոնք ըսեն` հայը հայ է, քիւրտը քիւրտ է, այն ատեն ինչպէ՞ս ուժ պիտի ունենանք արդարութեան համար: Հոս եմ Հայաստան-Թուրքիա կամուրջը կրկին շինելու համար: Գիտեմ` շատ դժուար է, բայց պէտք է ջանք ի գործ դնել այդ ուղղութեամբ: Պէտք չէ սպասել, որ լաւ օր մը պիտի գայ եւ մենք պիտի խօսինք այս մասին, պայմանները օրէ օր կը վատթարանան, պէտք է ուղիներ գտնել հարցերուն լուծում տալու համար», աւելցուցած է ան: