ՌԴ-ի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին հաստատած է հրդեհները մարելու հարցով Թուրքիոյ օգնութեան տրամադրումը: Այս մասին ան հաստատած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:
Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Էրտողան ջերմօրէն ողջունած է տրամադրուած աջակցութիւնը:
Հեռախօսազրոյցի ժամանակ նախագահները անդրադարձած են նաեւ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ բազմակողմ համագործակցութեան: