image

Հրազէնային վիրաւորում եւ կորուստ. Բանակի զինուոր մը մահացած է

Հրազէնային վիրաւորում եւ կորուստ. Բանակի զինուոր մը մահացած է

Մայիս 11-ին, ժամը 10:15-ին, հանրապետութեան արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած N զօրամասի մարտական յենակէտերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է շարքային Արգիշտի Արմէնի Եղեանի (ծն. 2002 թ.) դին` կրծքավանդակի հրազէնային վնասուածքով:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ կը կատարուի քննութիւն` դէպքին մանրամասները լիարժէք պարզելու համար:

Մահացածը Գորիս քաղաքի բնակիչ 20-ամեայ Արգիշտի Եղեանն էր: Այս պահին զօրամաս այցելած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութան ծառայողներն ու Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան կայազօրի քննչական վարչութեան քննիչները: