Լիբանանահայ տաղանդաւոր երգիչ ՝ Կարօ Կապուտակեան օրերս հանրութեան ներկայացուցած է իր նոր թողարկած երգը՝ «Սիրունս» խորագրով։
Այս մասին իմացանք համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ երգի հովանաւորութիւնը (producer) կատարած է ամերիկահայ գործիչ եւ երկար տարիներու ընթացքի հայ երգարուեստի տարածման գործին մէջ կարեւոր դեր ունեցած Հրայր Զաքարեանը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Զաքարեան վերջին շրջանին լծուած է հայ երգիչներուն սատար կանգնելու կարեւոր գործին։ Ան երկար տարիներ եղած է յայտնի աստղերու երգահանդէսներու կազմակերպիչ, ինչպէս նաեւ ունեցած է հայկական սկաւառակներ տարածող հիմնարկ ու վարած է «Նիւ Ճըրզի»էն հայ երգ ու երաժշտութիւն սփռող ռատիօժամի նախաձեռնող։
Յաջողութիւն կը մաղթենք լիբանանահայ սիրուած երգիչին ու ստորեւ կը տեղադրենք նոր հրապարակուած երգին տեսանիւթը։
(Յուսալի է անշուշտ, որ նման երգեր ունենան իրենց պատճաշ video clip -ը, որ սակայն հասկնալի պատճառներով ցարդ չէ պատրաստուած։)