Թուրքիա- Թուրքիոյ մէջ արագ եւ անսպասելի դէպքեր կը գրանցուին: Այս առումով եւ արագ տրուած լուրով մը AFP կը հաղորդէ, որ քրտամէտ խոշորոգոյն քաղաքական կուսակցութեան HDP -ի համաղեկավարներէն` Սալահէտին Տէմիրթաշի դէմ դատական հայց բացուած է: Հայցին մասին ցարդ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն փոխանցուիր: Նշենք, որ անցնող օրերուն Տէմիրթաշ ծանր քննադատութիւններ ուղղած էր թուրքիոյ իշխանութեանց եւ յատկապէս նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հասցէին: Տէմիրթաշ նաեւ ըսած էր, որ իրենք ամէն գնով պիտի պայքարին Էրտողանի դէմ, որ իր ըսելով երկիրը քաղաքացիական պատերազմի կ'առաջնորդէ: Տէմիրթաշի խօսքերով Սուրուճի մէջ զոհուած քիւրտերուն դագաղները թրքական դրօշներով ծածկելու արարքը չի կրնար մեղմացնել թուրք իշխանութիւններուն գործած մեղքերուն ծանրութիւնը: