image
Հրատապ լուրեր:

Հրապարակուած է Հենոյի եւ Փեփէի բախման տեսանիւթը

Հրապարակուած է Հենոյի եւ Փեփէի  բախման տեսանիւթը
Փորթուկալի մէջ տեղի ունեցած «Փորթու»- «Ռոմա» ընկերական խաղին բախում եղած է փորթուկալական խումբի պաշտպան Փեփէի եւ Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի միջեւ։ Փեփէն գնդակը ձեռք ձգելու պայքարի ժամանակ կոշտ խաղ դրսեւորած է։
 
Յիշեցնենք, որ հանդիպումը աւարտած էր 1։1 հաշուով։ Հենրիխ Մխիթարեանը հռոմէական խումբի մեկնարկային կազմին մէջ էր։ Ան դեղին քարտ ստացած է 69-րդ վայրկեանին եւ փոխարինուած է մէկ  վայրկեան անց։