image
Հրատապ լուրեր:

«Հրապարակ» թերթը հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան մը մասին գրած է

«Հրապարակ» թերթը հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան մը մասին գրած է

«Հրապարակ» թերթը կը գրէ.

Քանի մը օր է, պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի Մոսկուա, պաշտօնական վարկածով «Զապատ-2021» ռազմավարական զօրավարժութիւններու ծիրին մէջ կը հետեւի հայկական զօրախումբի վարժանքներուն։ Մեր աղբիւրներու փոխանցմամբ, Մոսկուայի մէջ տեղի կ'ունենային բանակցութիւններ ատրպէյճանական կողմի հետ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան պայմանագրի» շուրջ: Մեզի ըսին, որ բանակցութիւնները աւարտած են եւ հայկական կողմը շատ գոհ մնացած է արդիւնքներէն: Կարծես թէ յաջողած է պայմանաւորուիլ սկսիլ սահմանազտման եւ սահմանագծման գործընթացը՝ առանց Արցախի կարգավիճակի կարգաւորման, Սովետական Միութեան քարտէզներու շրջանակներուն մէջ:

Յաջողած են անորոշ ժամանակով երկարաձգել ռուսական կողմին ներկայութիւնը, առանց 5 տարուայ սահմանափակումներու: Ինչ կը վերաբերի Սիւնիքով տրուող ճանապարհին, տարանցիկ ճանապարհի մասին պայմանաւորուած են, որ պիտի վերահսկուի Ռուսիոյ եւ մեր սահմանապահներուն կողմէ՝ պիտի գործեն սահմանապահ անցակէտեր եւ ատրպէյճանցիները պիտի վճարեն այդ ճանապարհով անցնելու համար: Նոյնիսկ թիւ կը նշեն՝ տարեկան 150 միլիոն տոլարի մասին խօսք կայ: Չեն յաջողած որեւէ բանի հասնիլ Գորիս-Կապան ճանապարհի հարցով, ռուսական կողմի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Ռուսիոյ ֆինանսաւորմամբ արագ կառուցել շրջանցող Տաթեւ-Կապան ճանապարհը, Իրանէն եկող մեծ բեռնատար մեքենաներու համար անցանելի դարձնելով զայն:

16 Սեպտեմբերին պաշտպանութեան նախարարը մեկնած է Տուշանպէ, ուր տեղի  կ'ունենայ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը, այս փաստաթուղթը հաւանաբար վերջնական կը ստորագրուի մինչեւ Յունուար եւ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկը կը տրուի եռակողմ յանձնաժողովի կողմէ։ Բնականաբար, այս տեղեկութիւնները դեռ գաղտնի կը պահուին․ եւ մենք որեւէ պաշտօնական հաստատում կամ հերքում չկրցանք ստանալ: