image
Հրատապ լուրեր:

Հրաչեայ Աճառեան - 145

Հրաչեայ Աճառեան - 145

Այս տարի կը լրանայ անուանի լեզուաբան, բառարանագիր եւ գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի 145-ամեակը: Հիմնուելով լեզուաբանին յուշերուն վրայ, ժամանակին անդրադարձած էինք Պոլսոյ անոր կեանքին եւ գործին մանրամասնութիւններուն, բայց ծանօթ է, որ Հրաչեայ Աճառեանի վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է նաեւ Փարիզը, ուր ան 1895 թուականին կը մեկնի բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու «Սորպոն»ի համալսարանին մէջ, ուր կ՚աշակերտէ Անթուան Մէյէին, իսկ 1898 թուականին Սթրազպուրկի մէջ՝ Հ. Հիւպշմանին։

Ինչպէս Պոլիսի իր շրջանը, այնպէս ալ Փարիզի օրերէն յատկանշական դրուագներ նկարագրած է Աճառեան իր «Կեանքիս յուշերէն» գիրքին մէջ: Աճառեանի գիտական գիրքերու կողքին նոյնքան սիրելի է իր յուշագրութիւնը, որ սեղանի գիրք է անոր կեանքն ու գործը արժեւորողներուն համար:

Հայութիւնը այսօր այնպիսի խառն եւ շփոթ օրեր կ՚ապրի, որ ստուերի մէջ մնաց հայոց ամենամեծ լեզուաբանին յոբելեանը: Միայն Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ ցուցահանդէսով ոգեկոչուեցաւ այս նշանակալի տարեդարձը:

Իբրեւ յոբելենական ոգեկոչում, կը ներկայացնենք «Կեանքիս յուշերէն» գիրքէն փարիզեան օրերու նկարագրութիւնը։ Ան կը սկսի այնտեղէն, թէ ինչպէս Պոլիսէն կ՚ուղեւորուի դէպի Փարիզ:

 

ԴԷՊԻ ՓԱՐԻԶ

Պոլիս զիս շրջապատեցին ամենամօտիկ ընկերներէս Սարգիս Մինասեանը, Պետրոս Փարեանը, Համբարձում Թոռնեանը: Մինասեանը նպատակ ունէր Զուիցերիա երթալու եւ մանկավարժութիւն սորվելու: Թոռնեանը մտած էր Երկրագործական վարժարան: Իսկ Փարեանը նաւապետի օգնական դարձած էր:

Ամէն բանէ առաջ պէտք էր Կեդրոնականի վկայականը վաւերացնել տալ ֆրանսական հիւպատոսարանը, յետոյ անցագիր պատրաստել: Սարգիսը եւ ես որոշեցինք միասին երթալ Բարձրագոյն դուռ եւ անցագիրի դիմում ներկայացնել:

Սեպտեմբեր 18-ին տեղի ունեցաւ Պապը Ալիի (Բարձրագոյն դուռ) ցոյցը եւ անոր հետեւող կոտորածը: Սարգիսը եւ ես կը մտածէինք. երթա՞լ, թէ՞ չերթալ դիմում ներկայացնելու: Սարգիսը ըսաւ.

-Եթէ մենք այսօր երթանք, իսկոյն կը ձերբակալեն մեզ ըսելով «Դուք երէկ ցոյցը կազմակերպեցիք եւ այսօր կը փախչիք»:

Ես պատասխանեցի.

-Հակառա՛կը. եթէ մենք այսօր Բարձրագոյն դուռ երթանք, անոնք բնաւ պիտի չկասկածին: Պիտի մտածեն «ասոնք յիմար չեն որ ցոյցը կատարեն եւ անցագիրի դիմում ընեն»: Յետոյ, ուրախ կ՚ըլլան որ շատ երիտասարդներ մեկնին Պոլիսէն:

Սարսափը մեր սիրտերուն մէջ՝ գացինք Բարձրագուն դուռ: Ներքին բակը, որ բազմաթիւ դիտողներով լեցուն կ՚ըլլար, բոլորովին պարապ էր: Հանդարտ քայլերով յառաջացանք: Մօտ էինք պաշտօնադուռէն մտնելու, երբ պոռոց մը լսեցինք: Մենք անտարբեր ձեւացանք եւ շարունակեցինք յառաջանալ: Պոռոցը կրկնուեցաւ. «Ո՞ւր կերթաք»: Շարունակել կարելի չէր:

-Մեզի՞ կ՚ըսէք:

Մօտեցանք պոռացողին:

-Անցագիր հանելու կ՚երթանք:

-Ո՞ւր է ձեր Համիտիէն (ինքնութեան թուղթը):

Ցոյց տուինք: Նայեցաւ ու ձգեց որ մտնենք: Վեր ելանք: Պաշտօնեաներէն մէկը հարցուց ինծի.

-Ո՞ւր կ՚ուզէք երթալ:

-Փարիզ:

-Ի՞նչ ընելու:

-Բժշկութիւն սորվելու:

Բժշկութիւնը անմեղ ասպարէզ էր, իսկ լեզուաբանութեան իր խելքը չէր հասներ: Դարձաւ Սարգիսին.

-Դո՛ւք ո՞ւր կ՚երթաք:

-Ես ալ Փարիզ:

-Ի՞նչ սորվելու:

-Մանկավարժութիւն:

Ընկերս բերանը չառաւ Զուիցերիոյ անունը, որովհետեւ վտանգաւոր էր, յեղափոխականներու բոյն կը համարուէր: Իսկ «փետակոժի» բառը ծանօթ էր նոյնիսկ թուրք պաշտօնեային: Առանց ձգձգումի տուին անցագիրները:

Երկու տարուան դրամ ունէի, երրորդ տարուան համար ալ՝ Թոռնեանի խոստումը: Կրնայի ճամբայ ելլել: Փարեանը ըսաւ.

-Երկու տարուան դրամը միասին տանելու կարիք չկայ: Առաջին տարուա՛նը տար, մնացածը տո՛ւր ինծի, այստեղ խանութ բանամ, աշխատցնեմ դրամը եւ տարի մը ետք քեզի ղրկեմ:

Համաձայնեցայ:

Հինգ օր տեւեց ճամբորդութիւնը մինչեւ Մարսէյ: Վերջին օրը սարսափելի փոթորիկ մը սկսաւ ու մենք չկրցանք նաւահանգիստ մտնել: Ամբողջ օր մը մնացինք ծովուն բացը:

Սոփոն անունով հայ երիտասարդի մը հետ նստած էինք շոգենաւին եզերքը եւ կը խօսէինք: Թաթար մըն ալ կար, որ յատակին գորգի մը վրայ նստած՝ անդադար թէյ կը խմէր: Սոփոնը եւ ես կը խօսէինք հայկական ինքնավարութեան մասին եւ կը դատապարտէինք սուլթան Համիտի հայահալած քաղաքականութիւնը: Թաթարը քիչ-շատ հայերէն գիտէ եղեր: Յանկարծ խօսքի խառնուեցաւ եւ սկսաւ մեզ ծաղրել.

-Հայերը 5 վիլայէթ կ՚ուզեն եղեր… Ի՜նչ մեծ բան: Սուլթանը 35 վիլայէթ ունի: Մեծ դիւրութեամբ կրնայ 5 վիլայէթ տալ հայերուն, բայց կը վախնալ որ ճինկանէներն ալ առանձին թագաւորութիւն կ՚ուզեն կազմել.

-Ի՞նչ կայ, որ, ճինկանէն մարդ չէ՞, իրաւունք չունի՞ իբրեւ առանձին ազգ ապրելու:

-Դուք ի՞նչ ազգ էք որ շնորհքով լեզու ալ չունիք, անդադար թրքերէն բառեր կը գործածէք: Ես ձեր բոլոր ըսածները հասկցայ, երբ որ Մարսէյ իջնենք, ես պիտի երթամ թրքական հիւպատոսարան եւ ըսեմ որ դուք մուզիր մարդիկ էք:

Ես դարձայ թաթարին եւ այնպիսի խօսքեր ըսի, որ կ՚ամչնամ հոս ամբողջութեամբ գրելու:

-Գնա՛,- ըսի, - ի՛նչ կ՚ուզես ըսէ՛ քու հիւպատոսիդ: Մենք ալ հիմա պիտի երթանք եւ նաւապետին ֆրանսերէնով զրպարտենք քեզ, ըսենք որ Յիսուսին հայհոյեցիր:

Նաւապետը քեզ ծով պիտի նետէ:

Թաթարը սարսափեցաւ եւ լռեց:

Ճամբորդութեան վեցերորդ օրը միայն Մարսէյ մտանք: Շոգեկառք նստանք եւ յաջորդ օրը հասանք Փարիզ:

 

ՈՒՍԱՆՈՂ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

1895 թուականի Հոկտեմբեր ամիսն էր, երբ հասայ Փարիզ: Կայարանը զիս դիմաւորեցին ամենամօտիկ ընկերներէս երեքը՝ Արամ Թահթաճեանը, Միհրան Իտարէճեանը եւ Արտաշէս Հանըմեանը: Անոնք զիս տարին Վոժիրար փողոցը, ուր փոքր պանդոկի մը երկրորդ յարկին վրայ վարձեցի նեղլիկ սենեակ մը, օրական մէկ ֆրանկի:

Բնակարանի հարցը լուծելէ ետք, կարգադրեցինք ճաշի գործը: Ընկերներս զիս տարին Սէն-Միշէլ պողոտայի այն ճաշարանը, ուր սովորաբար կը ճաշէին իրենք: Ճաշը 1 ֆրանք 20 սանթիմ էր. 5 սանթիմ ալ սպասեակին պէտք էր տալ: Ճաշը բաղկացած էր չորս տեսակէ. ապուր, մսեղէն, կանաչեղէն, պտուղ եւ պանիր կամ անուշեղէն: Իբրեւ խմիչք կու տային շիշ մը գինի, բաժակ մը գարեջուր կամ շիշ մը խնձորօղի: Հացը ձրի էր: Ֆրանսացիները առհասարակ ջուր չեն խմեր եւ հաց քիչ կ՚ուտեն: Ջուր խմողը «գորտ» կը կոչեն: Մենք, իբրեւ ջուր սիրող եւ հաց ուտող արեւելքցի, կ՚ամչնայինք: Ես օրական երկու անգամ կը ճաշէի, այսինքն 2 ֆրանք 50 սանթիմ կը ծախսէի ուտելիքի:

Իբրեւ զուարճութիւն պատմեմ հետեւեալը.

Օր մը, խումբ մը ընկերներով գացինք ճաշարան: Հաց բերին սովորական չափով: Վայրկեանի մը մէջ վերջացուցինք: Երկրորդ եւ երրորդ անգամ ուզեցինք ու նորէն մէկ վայրկեանէն կերանք: Չորրորդ անգամ երբ ուզեցինք, սպասեակը խնդալու համար պաթոն մը բերաւ, որ մէկ մեթր երկարութիւն ունեցող հաց մըն էր: Մենք իսկոյն բաժնեցինք հացը մեր միջեւ եւ սկսանք ուտել: Սպասեակները հաւաքուեցան մեր շուրջ եւ զարմանքով կը դիտէին, թէ ինչպէ՛ս ագահաբար կ՚ուտէինք այդքան հացը:

Ընկերներէս խնդրեցի որ գտնեն լեզուաբանութեան դպրոցը: Ամէն տեղ հարցուցին, բայց այդ անունով բարձրագոյն դպրոց չգտան: Օրեր սպասեցի եւ սկսայ յուսահատիլ: Այսքան տարի երազեցի Փարիզ գալ եւ լեզուաբանութիւն սորվիլ, վերջապէս եկած եմ եւ լեզուաբանական դպրոց չկա՞յ:

Վերջապէս Արամ Թահթաճեանը գտաւ: Միասին գացինք հին շէնքի մը առջեւ, որուն պատին խոշոր յայտարարութիւն մը փակցուած էր: Դպրոցը կը կոչուէր Ecole des Hautes Etudes (Բարձր ուսումներու վարժարան): Նշանակուած էին նիւթերը-սանսկրիտ, զենտերէն, սեմական լեզուներ, եւ այլն:

-Այս է իմ փնտռած դպրոցս,- ըսի: Արամը գնաց, իսկ ես բարձրացայ խարխուլ սանդուխէ մը մինչեւ տախտակէ հասարակ դուռ մը: Բացի եւ ներս մտայ: Ծերունի մը սեղանի մը առջեւ նստած բաներ մը կը գրէր:

-Ի՞նչ կ՚ուզէք:

-Եկած եմ դասախօսութիւններ մտիկ ընելու:

-Գացէ՛ք մտիկ ըրէք:

-Ո՞վ է խօսողը:

-Մասփերօն է:

Մասփերոյի անունը ցնցեց զիս. մեծ եգիպտագէտ էր, նաեւ հայոց պատմութեան խալտական շրջանի մասնագէտ: Պահ մը ներկայ եղայ իր դասին: Երբ դուրս եկայ լսարանէն, տեսայ կապիկի նման մարդ մը, այծի մօրուքով, ուռած այտերով: Աչքերուն ակնոց ունէր, վիզին՝ ճերմակ վզնոց: Մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց.

-Vous êtes armenien? (Դուք հա՞յ էք):

-Այո,- պատասխանեցի:

-Venez chez moi (Տունս եկէք),- ըսաւ ու գնաց:

Ես վերադարձայ ծերունիին քով եւ հարցուցի թէ ո՞վ էր այդ մարդը:

-Mais c՚est monsieur Meillet (Պարոն Մէյէն է): Բնաւ չէի լսած անունը այս մարդուն, որ այնուհետեւ ամբողջ կեանքիս ուղեցոյցը պիտի ըլլար: Հարցուցի Մէյէին հասցէն, ուզեցի արձանագրուիլ: Մարդը թուղթի կտոր մը տուաւ եւ ըսաւ որ գրեմ անուն-մականունս, ծնունդի թուականս, ազգութիւնս: Այսքա՛ն: Ես ուսանող էի արդէն: Յետոյ իմացայ թէ ուզողը, ի՛նչ սեռի եւ տարիքի ալ պատկանի, կրնայ ուսանող արձանագրուիլ առանց որեւէ քննութեան:

Մէյէն կը բնակէր Սէն-Միշէլ պողոտային վրայ գտնուող շէնքի մը եօթներորդ յարկը: Ընտանիքը բաղկացած էր երեք հոգիէ. ինքը, ամենատգեղ դէմքով իր քոյրը եւ պառաւ սպասուհի մը:

Առաջին հանդիպումին Մէյէն հարցուց, թէ ո՞ր քաղաքէն եմ եւ ինչի՞ համար եկած եմ: Յետոյ խորհուրդ տուաւ հիմակուհիմա իրեն հետ սորվիմ հայերէն եւ զենտերէն ու Սիլվէն Լեւիի հետ՝ սանսկրիտ:

-Յետոյ կը տեսնէք, թէ ուրիշ ի՛նչ կարեւոր է ձեզի համար:

Այսպէս սկսաւ իմ կանոնաւոր ուսանողութիւնս, որ պիտի տեւէր երեք տարի, մինչեւ 1898 թուականը:

 

ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՍ

Բարձր ուսումներու վարժարանը մաս կը կազմէր Սորպոն անունը կրող հիմնարկին, որ հաստատուած է 1600-ական թուականներուն: Երկու տարի ետք խարխուլ շէնքը քանդեցին եւ անոր տեղ հոյակապ շէնք մը կառուցեցին: Վարժարանը չորս բաժին ունէր: Ես ուսանեցայ անոր առաջին բաժինին մէջ, որ պատմական եւ բանասիրական բաժինն էր: Հետեւեցայ նաեւ Քոլէժ տը Ֆրանսի եւ Արեւելեան կենդանի լեզուներու վարժարանի կարգ մը դասախօսութիւններուն: Ամբողջ երեք տարի աշակերտեցի Մէյէին: Ան սովորութիւն ունէր կանուխ արթննալու: Մէկ ժամ դաշնակ կը նուագէր, կը պատրաստուէր եւ ժամը 9-ին կ՚ընդունէր իր աշակերտները: Ես կը հետեւէի հայերէնի ձայնական օրէնքներու դասընթացքին: Մէյէի տան մէջ ես զբաղեցայ նաեւ լազերէնով: Ցոյց տուի իրեն այն աշխատութիւնը, որ պատրաստեր էի Սարը Եարի մէջ: Շատ ուրախացաւ եւ առաջարկեց որ ֆրանսերէնի թարգմանեմ: Մաս մաս թարգմանեցի, ինքը ֆրանսերէնը սրբագրեց ու ամբողջութիւնը ներկայացուց Փարիզի լեզուաբանական ընկերութեան՝ Ende sur la langue Laze (Ուսումնասիրութիւն Լազ լեզուի մասին) վերնագիրով: Ընկերութեան տեղեկագիրին մէջ մաս մաս տպուելէ ետք, ուսումնասիրութիւնս լոյս տեսաւ առանձին հատորով: Դպրոցը կը հետեւէի Մէյէի դասերուն զենտերէնի մասին: Կը հետեւէի նաեւ հայերէնի համեմատական քերականութեան: Ինծի համար լաւագոյն նիւթը այս էր: Սանսկրիտի ուսուցիչս Սիլվէն Լեւին էր: Ամէն չորեքշաբթի գիշեր կը հաւաքուէինք իր տունը՝ զանազան նիւթերու մասին խօսելու համար: Օր մը ան խօսեցաւ հնդիկներու ուտելիքներուն մասին եւ ըսաւ թէ անոնց գլխաւոր ճաշը փիլաւն է: Յետոյ ինծի դարձաւ եւ հարցուց.

-Դուք փիլաւ տեսա՞ծ էք:

-Այո,- պատասխանեցի,- մեր սովորական կերակուրն է:

-Պատրաստել գիտէ՞ք:

-Գիտեմ: Շատ դիւրին է:

Կինը կանչեց, միասին խոհանոց գացինք եւ ես սորվեցուցի փիլաւ եփելու ձեւը:

Շաբաթը երկու անգամ կ՚երթայի Քոլէժ տը Ֆրանս, հետեւելու Օփէրի բեւեռագիտութեան դասերուն: Երկու ունկնդիր էինք միայն, բայց ան միշտ կը սկսէր իր դասախօսութիւնը ըսելով՝ «Տիկիններ եւ պարոններ»… Օր մը նոր աշակերտ մը մտաւ: Օփէրը դարձաւ նորեկին եւ ըստ իր սովորութեան հարցուց.

-Կրնա՛ք հետեւիլ:

Նորեկը պատասխանեց.

-Ես ալիւրի վաճառական եմ: Ընկերոջս հետ ժամադրուած էի դռան առջեւ: Անձրեւ սկսաւ, ներս մտայ…

Լեզուաբանական ընկերութիւնը, որուն անդամ ընտրուած էի, ամիսը երկու անգամ գիտական ժողով կը գումարէր: Այսպէսով ես առիթ ունեցայ ծանօթանալու ընկերութեան փարիզաբնակ լեզուաբաններուն հետ:

Համալսարանը իւրաքանչիւր լեզուի յատուկ ամպիոն կար: Ամէն ուսանող կրնար խնդրել վարչութենէն որ այս կամ այն նիւթի դասընթացք հաստատէ: Համալսարանը պարտաւոր էր յարմար դասախօս ճարել: Ֆրանսացի երիտասարդ սպայ մը, որ մասնակցած էր Մատակասքարի կռիւներուն եւ քանի մը տարի մնացած՝ ափրիկեան այդ կղզին, մալկաշերէն սորված էր:

Փարիզ վերադարձին, խարդախ միջոց մը կը գտնէ դասախօս նշանակուելու համար: Նախ կը դիմէ համալսարանի վարչութեան եւ կ՚ըսէ թէ պատրաստ է մալկաշերէնի դասեր տալու, եթէ ուսանող ըլլայ: Վարչութիւնը զինք դասախօս կը նշանակէ: Սպան կ՚երթայ շուկայ, կը գտնէ երկու երիտասարդ, որոնց կ՚առաջարկէ իր ծառայութեան մէջ մտնել: Անոնք կ՚ընդունին: Սպան կը ստիպէ զիրենք մալկաշերէնի ուսանող արձանագրուիլ: Այսպէսով ան դասախօսի թոշակ կը ստանայ եւ անոր պզտիկ մէկ մասը կու տայ իր սուտ ուսանողներուն:

Առաջին տարիս բաւական հանգիստ անցուցի: Դժուարութիւնները երկրորդ տարիէն սկսան…

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս