image

Հնչակեան Քսաններու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Պէյրութի մէջ

Հնչակեան Քսաններու  յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Պէյրութի   մէջ

Ս.Դ.Հ.Կ. Քարոզչական Դիւանի հրաւէրով, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան Լեւոն-Մկրտիչեան Գոլէճի շրջափակին մէջ, հինգշաբթի, 15 յունիս 2017-ին,  տեղի ունեցած է Հնչակեան Քսան Անմահներու նահատակութեան 102-ամեակին նուիրուած ուխտի վերանորոգման հաւաք, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ, պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ՝ Ընկ. Մարտիկ Ժամկոչեանի եւ անդամներուն, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ Արամ Մալեանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի, Ճիւնիի, Թոմարզայի եւ Ռաուտայի վարչութիւններուն, Ն.Ս.Մ.Մ.-ի վարչութեան, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ քատրային ընկերուհիներու եւ ընկերներու:


Հանդիսութիւնը սկսած է լիբանանեան, հայաստանեան եւ Ս.Դ.Հ.Կ-ի քայլերգներով, կատարողութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին:

Անմահն Փարամազի կիսանդրիին առջեւ, փողերախումբի «մահուան» եղանակի նուագին տակ, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շըրջանի Վարիչ Մարմինին կողմէ ծաղկեպսակ մը զետեղուած է պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան եւ Լիբանանի Շրջանի ատենապետ`Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեանի կողմէ: Որմէ ետք ներկաները կարմիր վարդեր մատուցած են Քսաններու յիշատակին:


Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան փոխատենապետ` Տիգրան Միհրանեանը:

Ապա բեմ հրաւիրուած է «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետուհի՝ Անի Եփրեմեանը, փոխանցելու համար օրուան պատգամը:

Ապա հրաւիրոած են  Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ` Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեանը, փոխանցելու կուսակցութեան խօսքը:


Ձեռնարկի աւարտին հրաւիրուած է երիտասարդ երգիչ Յովիկ Թաֆրանեանը, մեկնաբանելով կուսակցական երգեր:

Հանդիսութիւնը փակուած է  յոտնկայս «Ուխտի Երգ»ով: