image

ՀՄԸՄ-ի 12-րդ բանակումի մասնակիցները յարգանքի տուրքը Եռաբլուրի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ

ՀՄԸՄ-ի  12-րդ բանակումի մասնակիցները յարգանքի տուրքը Եռաբլուրի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ ՝

Անցնող շաբաթավերջին, համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը իր աշխատանքները շարունակեց Բիւրականի մէջ, Հայաստան։ Շաբաթ, 22 Յուլիսի յետմիջօրէին, բանակումի 750 մասնակիցները այցելեցին Երեւան եւ ծանօթացան մայրաքաղաքի տեսարժան վայրերուն։ Ապա, պատուիրակութիւններու պատասխանատուները մեկնեցան Արցախեան պատերազմներու նահատակաց պանթէոն՝ Եռաբլուր։

 

ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ

Եռաբլուրի մէջ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ բանակումի խմբապետական կազմի առաջնորդութեամբ, սկաուտ պատասխանատուներ յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին հայ ժողովուրդի վերջին 35 տարուան նահատակներուն, Արցախի համար իրենց կեանքերը զոհաբերած նուիրեալներուն։ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յիշատակի եւ ոգեկոչման ծաղկեպսակ մը զետեղեց «Անծանօթ զինուոր»ի յուշակոթողին առջեւ, ուր բանակողներուն անունով խօսք առաւ եղբ. Շահան Աթմաճեան։

Եղբ. Շահան Աթմաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայութիւնը իր հազարաւոր զաւակներու թանկ արեամբ ոռոգեց հայրենիքի դաշտերը, որպէսզի մնայ արժանապատիւ, Հայաստանը մնայ հայութեան, Արցախը չենթարկուի թշնամիի լուծին: Մեր պայքարի ուղին դժուար է: Մտածել որ դիւրին է, չարաչար սխալած կ’ըլլանք: Անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ հայրենիքը կարիքը ունի մեր բոլորին, որպէսզի մնանք քարտէսին վրայ եւ վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն:

Շարունակելով, եղբ. Շահան Աթմաճեան հաստատեց. «Մեզի համար Արցախը երբեք չի կրնար թշնամիներուն պատկանիլ: Արցախը ազատ ու անկախ պէտք է մնայ, որպէսզի մայր հայրենիքին միանայ: Ան պէտք է նորէն ծաղկի: Մենք համոզուած ենք, որ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, հերոսներու ծնողները, հարազատները եւ ամբողջ հայութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով պատրաստ է զիջելու իր հայրենիքին անվտանգութեան երաշխիք այդ հողամասը, եւ իր մէջ անմար կը պահէ հայութեան ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի ջահը: Մեզի համար, Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Սփիւռք միասին կը կազմեն մէկ ամուր բռունցք: Թող ոչ ոք կասկածի մեր ժողովուրդի հերոսական ուժին: Ան կրնայ կերտել նոր յաղթանակներ եւ հայութեան պարգեւել լուսաւոր ժամանակներ»:

Եղբ. Շահան Աթմաճեանի խօսքէն ետք, Եռաբլուր այցելող համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի պատուիրակութիւնը յարգանքի իր տուրքը ընծայեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, Արցախեան առաջին պատերազմի նահատակ եղբ. Վարդան Բախշեանի շիրիմին։ Տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգում։

 

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՇՔԵՐԹ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ  ՄԷՋ

Երեւանի մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին, կազմակերպուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի պաշտօնական շքերթը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ բանակումի մասնակից պատուիրակութիւններուն։

Օփերայի «Ազատութեան» հրապարակէն ընթացք առած եւ «Աբովեան» փողոցով, «Հանրապետութեան» հրապարակով մինչեւ «Շահումեան»-ի հրապարակ երկարած շքերթը երկարեցաւ շուրջ մէկ ժամ։ Տողանցեցին բանակումին խմբապետական ընդհանուր եւ գործադիր կազմերը, ապա բոլոր պատուիրակութիւնները՝ շրջաններու անուններու այբուբենական շարքով։ Խրոխտ ու խիզախ բանակողներու առջեւէն տողանցեցին Հայաստանի, Արցախի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի դրօշները պարզած սկաուտներ։

 

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ

Երեւանի շքերթէն ետք, երեկոյեան ժամը 8-ին, համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի մասնակիցները ուղղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր լուռ եւ կարգապահ շարքերով տողանցեցին մուտքէն մինչեւ անմար կրակին շուրջ առաջնորդող երթուղին։ Այս առիթով, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով, Կեդրոնական Վարչութիւնը զետեղեց ծաղկեպսակ մը, մինչ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան յարգանքի իր խոնարհումը ընծայեց մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։

Անմար կրակին շուրջ, սկաուտներ կատարեցին ծաղկեմատոյց։ Հոգեւոր հայրերու գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ աղօթք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա, բանակումի խմբապետական գործադիր կազմին անունով խօսք առաւ եղբ. Ակուսթին Անալեան։ Ան ըսաւ, որ յիշողութիւն կորսնցնելը վտանգաւոր է։ Յիշողութեան կորուստը խոչընդոտ կը հանդիսանայ իրաւունքի յաղթանակին հասնելու համար, ու այդպիսով արդարութեան ջահը կը սկսի մարիլ: Ով որ չի գիտեր իր պատմութիւնը, դատապարտուած է կրկնելու անոր սխալները։ Մեր ժողովուրդը քաջ գիտէ իր պատմութիւնը, սակայն այսօր կան որոշ ճիգեր, որոնք կը փորձեն տկարացնել մեր ժողովուրդին յիշողութիւնը: Եւ եթէ յիշողութիւնը ուժ չունի, մեր արդար պահանջները տեղ չունին:

Շարունակելով, եղբ. Ակուսթին խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի ազգային-պահանջատիրական դիմագիծին մասին եւ ընդգծեց. «Մենք հաստատ գետնի վրայ պիտի քալենք, պիտի աշխատինք, պիտի բարձրանանք ու պիտի բարձրացնենք, որպէսզի պայքարը շարունակուի, որպէսզի մեր արդար իրաւունքներուն եւ նպատակներուն հասնինք: Որովհետեւ մենք Շաւարշ Քրիսեանի գաղափարականին ժառանգորդներն ենք: Որովհետեւ Յովհաննէս Հինդլեանի եւ Գրիգոր Յակոբեանի բարոյական եւ ազգային աւանդին շարունակողներն ենք։ Եւ որովհետեւ մեր բառարանին մէջ «անկարելի» եւ «պարտութիւն» բառերը գոյութիւն չունին»:

Այսօրուան կացութեան անդրադառնալով, եղբ. Ակուսթին Անալեան շեշտեց, որ «Վտանգը այլեւս տեսանելի իրականութիւն է բոլորին համար։ Թշնամին բոլոր միջոցներով որոշած է նոր հարուածով մը բնաջինջ ընել հայն ու Հայաստանը եւ համաթուրանական իր երազը իրականութիւն դարձնել»: Հետեւաբար, հաստատեց ան. «Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, մենք խոստում եւ երդում տուած ենք ազգ ու հայրենիք պահպանելու, հայ մշակոյթը, լեզուն եւ ազգային նկարագիրը պահելու, տարածելու եւ զարգացնելու: Ուրեմն, մենք երբեք անտարբեր պիտի չմնանք այս կացութեան նկատմամբ եւ պիտի չհամակերպինք: Ազգային պահանջատիրական երթէն հրաժարումը, հայութեան արժէքային համակարգին տկարացումը եւ անտեսումը, ինչպէս նաեւ ազգային գաղափարախօսութեան քանդումի փորձերը մեր գործելակերպին մէջ տեղ պիտի չունենան»:

Եղբ. Ակուսթին Անալեան իր խօսքը եզրափակեց վստահեցնելով, որ «Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ներուժին հաւաքագրումը, նորահաս սերունդներու ազգային կազմաւորումը կը շարունակեն ու պիտի՛ շարունակեն մեզի համար մնալ մնայուն առաջադրանք եւ կարեւոր ու անյետաձգելի աշխատանք»:

Խօսքէն ետք, բանակողները ազգային-հայրենասիրական երգերով հրաժեշտ տուին Ծիծեռնակաբերդին, հայութեան եւ Հայաստանին ծառայելու ՀՄԸՄ-ականի իրենց երդումը վերանորոգելով եւ ազգային մեր պահանջատիրութեան ջահը վառ պահելու աննկուն կամքով։