image

Հիւսիսային Քորէա. Առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն կը սպառնայ կորիզային ռումբով

Հիւսիսային Քորէա.  Առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն կը սպառնայ  կորիզային ռումբով

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Կիմ Եոնկ Ընը յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ միջուկային ուժերը ամրապնդել «առաւելագոյն արագութեամբ»: Այս մասին ան ըսած է Քորէայի ժողովրդական բանակի հիմնադրման տարեդարձին նուիրուած շքերթին:

«Մենք միջոցներու կը ձեռնարկենք առաւելագոյն արագութեամբ զարգացնելու եւ ամրապնդելու Հիւսիսային Քորյաէի միջուկային ուժերը», ըսած է երկրին ղեկավարը:

Ան նշած է, որ միջուկային զէնքի հիմնական գործառոյթը «պատերազմի կանխումն է»:

«Եթէ որեւէ ուժ ոտնձգութիւն կատարէ մեր հիմնական շահերուն վրայ, անհնար պիտի ըլլայ չօգտագործել մեր միջուկային ուժերու երկրորդ անսպասելի գործառույթը», յաւելած է ան:

Հիւսիսային Քորէան տարեսկիզբէն աշխուժօրէն հրթիռներ կը փորձարկէ: Գործարկումները տեղի են ունենում Փեոնկեանկի եւ Սէուլի միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման լոյսին տակ: Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարար Սոյ Ուքան յայտարարա է Հիւսիսային Քորէայի որեւէ թիրախի դէմ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու պատրաստակամութեան մասին: Ի պատասխան Կիմ Եոնկ Ընի քոյրը զգուշացուցած է, որ Փեոնկեանկը կրնայ միջուկային զէնք կիրառել, իսկ հարեւան երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը անուանած է «աղբ»: