Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Կիմ Եոնկ Ընը յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ միջուկային ուժերը ամրապնդել «առաւելագոյն արագութեամբ»: Այս մասին ան ըսած է Քորէայի ժողովրդական բանակի հիմնադրման տարեդարձին նուիրուած շքերթին:
«Մենք միջոցներու կը ձեռնարկենք առաւելագոյն արագութեամբ զարգացնելու եւ ամրապնդելու Հիւսիսային Քորյաէի միջուկային ուժերը», ըսած է երկրին ղեկավարը:
Ան նշած է, որ միջուկային զէնքի հիմնական գործառոյթը «պատերազմի կանխումն է»:
«Եթէ որեւէ ուժ ոտնձգութիւն կատարէ մեր հիմնական շահերուն վրայ, անհնար պիտի ըլլայ չօգտագործել մեր միջուկային ուժերու երկրորդ անսպասելի գործառույթը», յաւելած է ան:
Հիւսիսային Քորէան տարեսկիզբէն աշխուժօրէն հրթիռներ կը փորձարկէ: Գործարկումները տեղի են ունենում Փեոնկեանկի եւ Սէուլի միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման լոյսին տակ: Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարար Սոյ Ուքան յայտարարա է Հիւսիսային Քորէայի որեւէ թիրախի դէմ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու պատրաստակամութեան մասին: Ի պատասխան Կիմ Եոնկ Ընի քոյրը զգուշացուցած է, որ Փեոնկեանկը կրնայ միջուկային զէնք կիրառել, իսկ հարեւան երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը անուանած է «աղբ»: