Անցնող 7 հոկտեմբերին Կիպրոսի բռնագրաւուած հատուածին մէջ գտնուող հայապատկան հողամասի մը վրայ (որ խորքին մէջ տեղի հայկական եկեղեցւոյ բակի հատուածն էր) տեղի իշխանութիւնները բացումը կատարեցին «Արհեստագիտական կեդրոն»ի մը։
Այս բոլորէն անդին կիպրահայութեան մօտ վրդովեցնողը, ոչ թէ այդ տեղ կեդրոնի մը բացումն էր միայն, այլ այն փաստը, որ ծրագիր-բացման ներկայ կը գտնուէր Թուրքիոյ նախագահի փեսան՝ Ճեմալ Պայրաքտարը։
Խնդիրը ունէր անշուշտ վրդովմունքի խորքային պատճառներ, որովհետեւ գրաւեալ Կիպրոսի մարմինները համերաշխութիւն սատարելու փոխարէն ոտնձգութիւն կատարած էին հայապատկան հողատարածքին մէջ՛ այդպիսով ալ վիրաւորելով հայ հասարկութեան զգացումները։
Այդ արարողութիւնէն (որ հիւսիսային Կիպրոսի հասարակութեան ներկայացուեցաւ, որպէս «նուաճում» մը) շաբաթներ անց եւ ըստ Նիկոսիոյ «Արեւելք»ի աղբիւրին համայնքային մարմիններ որոշեցին խնդրին մասին արձագանգել յատկապրէս ազդեցիկ երկիրներու ներկայացուցչութիւններուն մօտ։
Նոյն ծիրին մէջ եւ օգտուելով Կիպրոսի մէջ ԱՄՆ դեսպանուհիին Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցի պատեհութիւնէն տեղի մարմինները, այս բաւական նուրբ եւ կարեւոր թեման լսելի դարձուցած են տիկին դեսպանուհիին։
Իսկ լուրին մասին մանրամասն գրած է Թեմի դիմատետրեան էջը, որուն բովանդակութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Չորեքշաբթի, 10 Յունուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Կիպրոսի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Ճուլի Ֆիշըր ընկերակցութեամբ իր առաջին քարտուղարուհիին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ Վահան Այնէճեանի եւ Ազգային Վարչութեան Գանձապահ՝ Վիգէն Քեսթերլեանի հետ։
Շուրջ մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Կիպրոսի եւ կիպրահայութեան հետ առնչուած հարցեր: Խօսք առին Սրբազան Հայրն ու Պետական Ներկայացուցիչը եւ ապա, Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը Դեսպանին բարի գալուստ մաղթելէ ետք բացատրեց հանդիպումի նպատակը, որ կապուած է Նիկոսիոյ գրաւեալ բաժինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, կղզիի գրաւող վարչակարգին կողմէ վերջերս կատարուած բացման արարողութեան հետ։
ԱՄՆ դեսպանը, իր կարգին շեշտեց իր դեսպանութեան եւ նախկին դեսպաններու երկարամեայ կապը Ազգային Առաջնորդարանին հետ։ Ան յիշեցուց, որ իր ասպարէզի պատճառով այցելած է Հարաւային Կովկասի եւ մօտէն կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս դիմագրաւած խնդիրներն ու դժուարութիւնները, եւ թէ՝ Միացեալ Նահանգներու Պետքարտուղարութիւնը մեծ ջանքեր կը թափէ, որ հարցին վերջնական ու խաղաղ լուծում մը գտնուի, միաժամանակ գնահատելով որ այս հարցը կիպրահայ համայնքին համար մնայուն տանջալից եւ զգայուն հարց մըն է։
Կիպրական հարցի գծով, ան յոյս արտայայտեց որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին կողմէ նոր պատուիրակի մը նշանակումը, էական յառաջդիմութիւն արձանագրէ կիպրական հարցի բանակցութիւններուն մէջ, միաժամանակ յիշեցնելով որ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները ներկայիս լարուած վիճակի մէջ կը գտնուին։ Դեսպանը, ակնարկելով հանդիպումի ընթացքին քննարկուած հարցերուն, ստանձնեց յանձնառութիւնը որ արծարծէ զանոնք Պետքարտուղարութեան հետ։
Հանդիպումի աւարտին, բոլորը միասին այցելեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր բացատրութիւններ տրուեցան շինութեան ու կառուցուածքի մասին: Դեսպանը խնդրեց Սրբազան Հօր աղօթքները աշխարհի ու յատկապէս Պաղեստինի համար: Աւարտին, Սրբազան Հայրը յուշանուէր մը տուաւ դեսպանին: