image

ՀՀ Ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանի մասնակցութեամբ եղած ինքնաշարժի արկածին մասին ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է

ՀՀ Ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանի մասնակցութեամբ եղած ինքնաշարժի արկածին մասին ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է

Ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանի կողմէ նախօրէին տեղի ունեցած վրաերթի մասին:

Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ 12 ապրիլին, ժամը 22.30-ին, «Մերսետես» մակնիշի մեքենայի վարորդը Արշակունեաց պողոտայի վրայ վրաերթի ենթարկած է ճանապարհը չթոյլատրուած հատուածով անցնող 27-ամեայ Կամօ Ամիրխանեանը, որ հիվանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է:

Կը կատարուի նախաքննութիւն:

Նշենք, որ ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան 24-ամեայ Սիմոն Մարտիրոսեանը, «Երեւան մոլի» դիմաց պատահած վրաերթէն ետք փախուստի չէ դիմած, զանգած է շտապօգնութիւն եւ օգնած է վրաերթի ենթարկուածին բժիշկներուն հետ տեղափոխել հիւանդանոց: