image

ՀՀ ԱԳՆ-ն պատասխանեց Լուքաշենքոյի կատարած սքանտալային յայտարարութեան

ՀՀ ԱԳՆ-ն  պատասխանեց  Լուքաշենքոյի  կատարած  սքանտալային յայտարարութեան

ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեան արձագանգած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի` Սոլովիովին տուած հարցազրոյցին մէջ կատարած յայտարարութեան Հայաստանի վերաբերեալ:

Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Համոզուած ենք, որ Պելառուսի նախագահի աշխարհաքաղաքական ինքնատիպ վերլուծութիւնները նպատակ ունեն սպասարկելու առաջին հերթին սեփական ներքին քաղաքական օրակարգը եւ որեւէ առնչութիւն չունեն Հայաստանի եւ նրա արտաքին քաղաքականութեան հետ»:

Յիշեցնենք, որ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն` խօսելով Պելառուսիոյ եւ Ռուսաստանի միութենական պետութեան եւ յետխորհրդային այլ երկիրներու անոր միանալու հեռանկարներուն մասին, ըսած էր. «Հայաստանը երթալու տեղ չունի: Կը կարծէք անոնք ինչ-որ մէկուն պէ՞տք են: Անոնք արդէն տեսած են... Նիկոլ Վովաեւիչը տեսած է այդ»: