image

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Վեր. Սելիմեանին այցելեց

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Վեր. Սելիմեանին այցելեց

Օրերս Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին այցելած է ՀԵԸ-ի Հալէպի մասնաճիւղի Մշակութային Յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ հալէպահայ կրթական մշակ՝ Երան Զէյթունցեանի։

Այդ մասին «Արեւելք» կը կարդայ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական «Բեթէլ» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս կը գրուի ՝

Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ին, ՀԵԸ- ի Մշակութային յանձնախումբի անդամները այցելութիւն կատարեցին Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին։

Համայնքապետ Վերապատուելին ընդունեց զանոնք համայնքապետարանի գրասենեակէն ներս։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծածուեցան մշակոյթին կարեւորութիւնը գաղութի պահպանման մէջ։

Վերապատուելին գնահատեց Մշակութային յանձնախումբի բերած ներդրումը այս ծիրին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ ծրագիրներուն համար։

Հանդիպումի աւարտին այցելու կողմը Վերապատուելիին հրաւիրեց 8 Մարտ 2024-ին, Դոկտ. Հուրի Ազէզեանին մատուցումով տեղի ունենալիք դասախօսական երեկոյին