image

Հեղեղումներու հետեւանքով Քարկոփ բնակավայրն ամբողջութեամբ ջրածածկ է․ Սանոսեան

Հեղեղումներու հետեւանքով Քարկոփ բնակավայրն ամբողջութեամբ ջրածածկ է․ Սանոսեան

Լոռիի մարզի Տաշիր, Փամբակ համայնքներու տարբեր բնակավայրերու մէջ, Ալավերդի խոշորացուած համայնքին մէջ, Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Իջեւան եւ Նոյեմբերեան համայնքներու տարբեր բնակավայրերու մէջ շարք մը աւերածութիւններ կան տեղի ունեցած հեղեղումներու հետեւանքով։

Կառավարութեան նիստին այս մասին ըսած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսյանը՝ ամփոփելով արտակարգ իրավիճակի կառավարման շտաբի աշխատանքները։

«Մասնաւորապէս, ամենամեծ աւերածութիւնը դիտուել է Ալավերդու Սանահին թաղամասում․ ունենք բազմաթիւ ջրածածկ տարածքներ, շէնքեր-շինութիւններ։ Դեբեդ գետի հունով ներքեւ արդէն ամենամեծ վնասուած բնակավայրը Քարկոփն է։

Ամբողջ գիւղը ջրածածկ է, ամբողջ գիւղը տարհանուած է։ Միայն երէկ արդէն հնարաւոր էր այնտեղ աշխատել։ Երէկ մօտ 30 փրկարար է աշխատել, այսօր մօտ 100 փրկարար է աշխատում»,-ըսած է նախարարը։

Սանոսեանի խօսքով՝ շատ մեծ վնասներ կան Այրում կայարանին մէջ, երկաթգիծի տարբեր կայարաններու մէջ եւ դէպի Բագրատաշէն ամբողջ գետի հունով այգիներ, շինութիւններ, հասարակական տարբեր կառոյցներ վնասուած են։

«Վնասների մի մասը տեսանելի չէ, քանի որ բնակավայրը դեռ ջրածածկ է»,- աւեցուցած է Սանոսեանը։