«Trombinoscope» այս տարուան արարողութեան՝ «տարուան նախարարը» ընտրուած է Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէ, որուն վստահուեցաւ նախկին եւ ներկայի կառավարութիւններուն մէջ՝ Աշխատանքի նախարարուհիի պաշտօնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
«Trombinoscope»-ը հիմնուած է 1981-ին, ոմն Ֆելիքս Գոլէնի կողմէ, որ լրագրող-խորհրդարանական մըն էր։ Նպատակն էր ստեղծել ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու (խորհրդարան + կառավարութիւն + պետական հիմնարկութիւններ) անունները մէկտեղող ցանկագիրք մը, հեռաձայնի բաժանորդներու ցանկագիրքի նմանութեամբ։
1992-էն, «Trombinoscope» սկսած է ամէնամեայ արարողութիւններու ընթացքին (« Cérémonie Trombinoscope ») զանազան տիտղոսներ շնորհել տարւոյն լաւագոյն քաղաքական գործիչներուն։
Այս տարուան արարողութեան՝ «տարուան նախարարը» ընտրուած է Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէ, որուն վստահուեցաւ նախկին եւ ներկայի կառավարութիւններուն մէջ՝ Աշխատանքի նախարարուհիի պաշտօնը։
Նշենք, թէ ան 2022-2024 եղած է նաեւ նախագահ Մաքրոնի խորհրդականը։
Աւելցնենք, թէ նոյն արարողութեան «Տարուան քաղաքական անձնաւորութիւնը» տիտղոսին ալ արժանի նկատուած է հայոց բարեկամ, Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ։