Աթենքի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի, եւ հովանաւորութեամբ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան, Նոյեմբեր 23-ին, տեղի պիտի ունենայ հանդիպում-զրոյց հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի հետ, «Հայաստանն այսօր. Նոր մարտահրաւէրներ եւ վտանգներ» խորագրով։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Աթէնքի մէջ հրապարակուած ու տարածուած հաղորդագրութենէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք լրատւութիւնը՝
Հայաստանն այսօր. Նոր մարտահրաւէրներ եւ վտանգներ.
Թաթուլ Յակոբեանի հետ հանդիպում
«Հայաստանն այսօր. Նոր մարտահրաւէրներ եւ վտանգներ» թեմայով հանդիպում-զրոյց հայրենի լրագրող, Անի կեդրոնի հիմնադիր եւ «Ալիք մետիա»ի գլխաւոր խմբագիր Թաթուլ Յակոբեանի հետ։
Կազմակերպութեամբ՝
Հայ Իրաւանց Խորհուրդի
եւ հովանաւորութեամբ՝
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան՝
Տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 23-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Արարատ Մ.Մ. Միութեան «Անանիա եւ Վարդուհի Խաչատուրեան» սրահին մէջ։
Թաթուլ Յակոբեան իր ելոյթին մէջ պիտի անդրադառնայ Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ վտանգներուն, պիտի խօսի Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա շփումներուն, Հայաստանի ներքին եւ արտաքին խնդիրներուն։
Յակոբեանի ելոթը պիտի տեւէ մօտաւորապէս 40 վայրկեան, որմէ ետք ան մօտ մէկ ժամ պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն, ապա պիտի յաջորդէ՝ գիրքերու ստորագրութիւն։