ԼՂՀ Ղարաբաղեան սահմանին վրայ իրավիճակը կը մնայ հայկական ուժերու տիրապետութեան տակ: Այսմասին լուրը կը փոխանցէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ նաեւ յայտնած է, թէ երէկ շուրջ քսանհինգ ազրպէյճանցի զինուորներ փորձած են հատել սահմանային գիծը եւ ներթափանցել հայկական սահմաններէն ներս: Հայկական ուժերը համապատսխան կերպով կրակ բացած են հակառակորդին ուղղութեամբ եւ ստիպած անոնց բռնելու նահանջի ճամբան: Թշմամին ունի կորուստներ իսկ հայկական կողմին մօտ կորուստներ չեն գրանցուած: