«Թուրքիան կ'աջակցի Ատրպէյճանին իր հին թշնամութեան պատճառաւ հայերու նկատմամբ, եւ անշուշտ ատրպէյճանական կազի եւ նաւթի իր տենջին» այս մասին ըսած Եգիպտոսի է Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ տօքթ. Արմէն Մազլումեան:
Անցեալ կիրակի օրուընէ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը սրեցաւ եւ երկիրները յայտարարեցին ռազմական դրութիւն:
Հայաստան կը մեղադրէ Թուրքիան, որ 4000 զինեալ վարձկաններ տեղափոխած է Ատրպէյճան, իսկ վերջինս կը հերքէ, մանաւանդ որ լրատուական միջոցները հրապարակեցին այդ վարձկաններուն հետ հարցազրոյցներ կատարուա Ատրպէյճանի առաջնագիծէն:
Այս թեմաներուն մասին եւ յատկապէս Թուրքիոյ կողմանէ Ատրպէյճանին տրուած բացայայտ աջակցութեան մասին «Ալ Հաուար» գործակալութեան խօսեցաւ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ տօքթ. Արմէն Մազլումեան:
«Թուրքիան մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական խորունկ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ, ունի նաեւ ուժանիւթի ծրագիրներ: Անգարն բացայայտօրէն կը յայտարարէ իր աջակցութիւնը եղբայր եւ բարեկամ Ատրպէյճանին: Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան տնօրէն՝ Իսմաիլ Տէմիր յատարարած է թէ մեր բոլոր պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը, փորձն ու կարելիութիւնները, օդանաւերը, զինամթերքը, հրթիռները եւ ռազմական համակարգերը Ատրպէյճանի տրամադրութեան տակն են»:
Մազլումեան նշեց, որ անցեալ յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը միասին զօրավարժութիւններ կատարեցին: Ակնայտ է, որ Թուրքիան կը տենչայ Ատրպէյճանի կազին ու նաւթին, ան պիտի հիմնէ կազատար խողովակ, որ անցնելով Անատոլիայէն (Արեւմտեան Հայաստան, խմբ. ՝ «Արեւելք») պիտի հասնի մինչեւ Եւրոպա, ինչ որ պիտի բարգաւաճէ թրքական տնտեսութիւնը, հաստատէ անոր դիրքերն ու իշխանութիւնը, մանաւանդ Միջերկրականի մէջ իր ծրագիրները ձախողելէն ետք, Եգիպտոսի առած քայլերուն պատճառաւ»:
Մազլումեան շարունակեց, թէ գետնին վրայ, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ուժգին հրաձգութիւններով պատերազմ կը մղեն Ղարաբաղի մէջ: Ատրպէյճանը ինք սկսաւ յարձակումները սահմանի ամբողջ երկայնքով, Թուրքիոյ F-16 կործանիչներու օժանդակութեամբ:
Ան աւելցուց թէ Ատրպէյճան կը հրետակոծէ Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութիւնը: Եւ թէ Ատրպէյճան ապատեղեկատուութիւն տարածելով կը փորձէ միջազգային հանրութիւնը խաբել:
Իսկ պատերազմի պատճառներուն մասին, Մազլումեան ընդգծեց թէ Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ցեղային կամ կրօնական հակամարտութիւն մը չէ, այլ պատմականօրէն իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդի մը պայքարն է, որուն իրաւունքները բռնագրաւած են անցեալ դարուն Խորհրդային Միութեան առաջնորդներէն՝ Ժոզէֆ Սթալինի որոշումով։
«Խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի զինադադարի խախտումները, եւ անոր իրագործած յարձակումները շփման գիծին վրայ: Նաեւ կը դատապարտենք քաղաքացիական խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելը, որ քաղաքացիական զոհերու պատճառ դարձաւ», ըսաւ Մազլումեան:
Խօսելով խնդրի լուծման հեռանկարներուն մասին Մազլումեան նկատել տուաւ՛ որ Արցախեան հիմնախնդիրը կարեւլի է լուծել միայն խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհով եւ այն ալ Մինսքի խումբի հովանաւորութեան տակ։
Մազլումեան եզրափակեց, ափսոսալով, որ շատեր չեն գիտեր այս հակամարտութեան իսկական պատճառները, եւ կոչ ուղղեց կարդալու պատմութիւնը, զանազանելու տարածուած ապատեղակատուութիւնները ճշգրիտ պատմութենէն: