ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան 9 սեպտեմբերին հանդիպած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահիտ Ճալալզատէի հետ: Այս մաիսն յայտնած են ՀՀ ԱԺ-էն:
«Բարեկամ Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ կառուցուած երկկողմ յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունեն Հայաստանի համար: Իսկ փոխայցերն օգնում են առաւել ընդգրկուն դարձնել երկկողմ օրակարգը՝ միաժամանակ շարունակելով ակտիվ (գործօն) երկխօսութիւնն ու սերտ համագործակցութիւնը»,- ըսած է Ռուբէն Ռուբինեան:
Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:
Վահիտ Ճալալզատէի խնդրանքով Ռուբէն Ռուբինեան ներկայացուցած է մանրամասնութիւններ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ: