image

Հայերէնը կը զուարճանայ (184)

Հայերէնը կը զուարճանայ (184)

1.Բառի մը ծնունդը

Այդ բառը՝ inalienable ըսուածն է, որ արեւմտեան արդի լեզուներուն անցած է լատիներէն  alius-օտար, alienus-օտարապատկան, alienare-օտարել/օտարի սեփականու-թիւնը դարձնել բառերու թելադրանքով: Անոր հայացումը սկսած է 19-րդ դարու վերջերուն:

Ստորեւ բերուած  խարխափումները  ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ դժուար ու մանուածապատ երկունքէ  կ’անցնի մարդկային միտքը՝ մինչեւ որ օտար բառի մը տրուած թարգմանութիւնը հետզհետէ բիւրեղանայ եւ որդեգրուի մայրենի լեզուէն ու մտնէ անոր բառային գանձարանը:

--Հայր Սրապիոն Էմինեան (1871) անվաճառելի

--Նորայր Բիւզանդացի (1884) անօտարացու                                                                                                                                               

--Սամուէլ Գանթարճեան (1886)՝ անօտարացու, անվաճառելի

--Եղիա Տեմիրճիպաշեան (1896) անօտարացու

--Գուիտոն Լուսինեան (1900) անօտարանալի, անվաճառելի

--Զաքարիա Փափազեան (1910)՝ անօտարանալի, անվաճառելի, անփոխանցելի

--Մեսրոպ Նուպարեան (1911)՝ անօտարացու

--Յարութիւն Չաքմաքճեան (1922)՝ անօտարանալի, անուծանելի

--Ի. Ա. Երան (1928)՝ անփոխանցելի

--Ստ. Մալխասեան (1944) անօտարելի, անօտարացու

--Յարութիւն Թեքէեան (1955) անփոխանցելի

--Հայր Եփրեմ  Ղազարեան (1957)՝ անփոխանցելի

--Ակադեմիա (1969) անօտարելի

--Մարտիրոս Գուշագճեան (1970) անճողոպրելի

--Էդիկ Աղայեան (1976) անօտարելի

--Մեսրոպ Գույումճեան (1981)՝ անօտարանալի, անվաճառելի

            անփոխանցելի

--Հայր Վահան Օհանեան (1995) անկորնչելի, անփոխանցելի

--Մուրատեան-Խաչատրեան (2010)՝ անօտարելի

--Նելլի Բարաթեան (2011)՝ անբաժանելի, անկապտելի, անօտարելի

--Լեւոն Թորոսեան (2018) անկորնչելի, անփոխանցելի 

                                                                          *   *   *

  Յատկանշական է, մեծամասնութիւնը վայելող անփոխանցելի եզրը (7 ձայն) չէ յաղթանակած այս պայքարին, այլ անօտարելի-ն՝   6 ձայնով: 

Այսպէս է, քանի  անօտարելի-ն  ամենաճիշդ մեկնաբանութիւնն է այդ օտար բառին, այլեւ ամենաբարեհունչը, կիրթն  ու կոկիկը, ուստի եւ ամենահայեցին. կարծես քնքուշ մեղեդիի մը մէկ խազը ըլլար, այնքան անուշ կը հնչէ: 

  2. «Արմենպրես»-ի գոհարներէն

--«Պատմուածքի թեմաները չունեն ուղղուածութիւն, որոշները սոցիալական են, որոշները՝ աւելի զգայական, որոշ պատմուածքներ յղում ունեն Արցախեան ազատամարտին» («Արմէնփրես», 15-10-20):

Անհամ, անհոտ, անգոյն հայերէն մը, որ միայն...կը զզուեցնէ ընթերցողը:

Օրին ազգովին կը կիրարկէինք ոմն-ոմանք անորոշ դերանունը, եւ ահա չես գիտեր ուրկէ հայրենի  մամուլին մէջ վերջին տարիներս  ծնունդ առաւ զայն որոշներ-ով փոխարինելու անհեթեթ  երեւոյթը հոն, ուր որոշ սկզբնաձեւը հայերէնի ողջ պատմութեան ընթացքին ունեցած է որոշչային անփոփոխ կիրարկութիւն. օրինակ՝ որոշ ատեն, որոշ քանակութիւն, որոշ ուղղութիւն  եւ այլն, ուր ան միշտ անփոփոխ կը կիրարկուի իր որոշչային պաշտօնին բերումով:

Որոշ-ը՝ դարձնել որոշներ(ը)  ու կիրարկել մերժելի ու  խորթ  լեզուամտածողութեան հետեւանք է, որ անփոյթ ու տգէտ, հայեցի մտածողութենէ ու զգացողութենէ զուրկ  «գրողներ» վերջին տարիներուն մուծեցին արեւելահայերէնի մէջ, եւ  հիմա անկէ սկսած է «թեթեւ ի գարշապար» թափանցել իրենց տգիտութեամբ ետ չմնացող արեւմտահայ գրողներու բարքերուն մէջ եւս: Մեր մամուլը վկայ:

Այս իմաստով՝ հայերէնի բնիկ ու տիպար ներկայացուցիչն է ոմանք-ը:

Գալով «որոշ պատմուածքներ» բառակապակցութեան, այս եւս... շատ հարազատ ու տոհմիկ չէ. պէտք է նախընտրել «կարգ մը պատմուածքներ»  բառակապակցութիւնը, որ ամենահայեցին ու հարազատն է:

Թեմա-ն եւ սոցիալական-ը օտարաբանութիւնները՝ իրենց  կարգին:

  Ուրեմն  հայութիւն բուրելու եւ հայու անունին արժանանալու համար՝  գրենք.

«Պատմուածքի բնաբանները ուղղուածութիւն չունեն.  ոմանք ընկերային  են, ուրիշները՝ աւելի զգայական, մի կարգ  պատմուածքներ յղում կ’անեն Արցախեան ազատամարտին»:

3.«Եթէ տունդ ապակի է, ուրիշին  տունին քար մի՛ նետեր»,— կ’ըսէ... հայկա-կան  իմաստուն ասացուածք մը:

Այսպէս պիտի ըսէր «Արմէնպրեսը»-ը՝ կարդալով արեւմտահայ գործընկերոջը լեզուական հետեւեալ գոհարը.

--Վարչապետը կառավարութեան ամէն շաբաթեայ նիստին յայտարարեց... («Ազդակ», 5/2/24, էջ 8):

Ուր՝

---Ամէն շաբաթեայ կառոյցը «Արմէնպրես»-ին  ճաշակին պիտի չըլլար, քանի որ ան հայերէն չէ:   Ոչ ալ մեր ճաշակին:

Պէտք է ըլլայ՝  ամէն շաբաթ  եւ ամէնշաբաթեայ:

Ճիշդ ինչպէս   ամէն օր եւ  ամէնօրեայ:

Նաեւ՝  ամէն  ամիս եւ ամէնամսեայ:

Այլեւ՝ ամէն ամ “տարի” եւ ամէնամեայ:

Միւս կողմէ՝ որքան ալ  ամէնշաբաթեայ քերականօրէն  ճիշդ եւ  առ այդ՝ ընդունելի ըլլայ, այսուհանդերձ գեղեցիկ չէ ան.  իսկ հայերէնը կը փնտռէ  գեղեցիկը  այնքան, որքան կը փնտռէ ճիշդը, իսկ երբեմն ալ կը նախընտրէ գեղեցիկը ճիշդէն: Ահա  այդ պատճառով ալ հայուն բերանը  մինչեւ հիմա չէ հնարած ամէնշաբաթեայ ածականը: Աւելի կոկիկ ու ընդունելի ձեւը պիտի ըլլար՝ «շաբաթական նիստին...»:

Շաբաթական կը նշանակէ «ամէն շաբաթ  սովորաբար  տեղի ունեցող, պատահող, կրկնուող, յաճախուող»:

 

Մրցոյթ  181

***Կէտերուն տեղ ըլլար կամ ըլլային դնել.

---Այս կապերուն առաջին հետեւանքը պիտի  ըլլար բառային  փոխառութիւնները:

***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.

---Վարչապետը ողջունեց Իրաքի՝ Լիբանանին տրամադրած  աջակցութիւնը:

***Տեսակցութի՞ւն, թէ՞ տեսակցութիւններ:

---Նեթանիահու տեսակցութիւն պիտի ունենայ  Պայտընի եւ  Թրամփի հետ:

***Աւելցնել անհրաժեշտ շաղկապը կէտերուն տեղ:

---Ճիշդ ընտրուած կօշիկը կը պահպանէ ոչ միայն ոտքերուն, այլ  ամբողջ մարմնին առողջութինը:

***Դուն ինչպէ՞ս կու տայիր «Արմէնպրես»-ի հետեւեալ լուրը.

---Թուրքիայի եւ Ռուսաստանի ԱԳ նախարարները քննարկել են Ուկրաինայում ու Գազայում առկայ վիճակները:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Համբարձում Յարթունեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (4), Քերոբ Էքիզեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (8), Սեւան Տէյիրմէնճեան(6), Վահէ Աբէլեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (5):

Մրցոյթ 182.

***Յարմար շաղկապ մը դիր կէտերուն տեղ:

---Որքան ալ  ծանօթ ըլլայինք շրջանին, .......... շատ  բաներ անորոշ կը մնային մեզի:

***Կէտերուն տեղ է կամ են դիր:

---Իսրայէլի  վերջին արարքները այս լարուած շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցում  մըն ...........:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Սրբազանին աղօթքէն ու իր օրհնութիւնը տալէ ետք ժողովը բացուած յայտարարուեցաւ («Ապագայ», 15/4/2024):

---Ռուսական կողմին կը մտահոգէ, որ ԵՄ առաքելութիւնը մշտական կարգավիճակ ունենայ Հայաստանի մէջ:

***Կէտերուն տեղ կէտադրական ի՞նչ նշան կը դնես:

---Տէրտէր, վարդապետ, տիրացու, ժամկոչ........բոլորը մէկ տեսակի բաներ են (Քամար-Քաթիպա)։

        
Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com