image

Հայերէնը կը զուարճանայ (174)

Հայերէնը կը զուարճանայ (174)

1. Ամօթանք՝ Արման Բաբաջանեանին՝ «Առաջին լրատուականի»-ի տէր ու տնօրէնին, որ կ’ըսէ յետ այսու, փոխանակ՝ այսուհետեւ-ի:

Ճիշդ է, որ ամբողջ Հայաստանը կ’ըսէ յետայսու, եւ... կը կլլենք, սակայն իրեն՝ Մխիթարեաններու երբեմնի սանին, թոյլատրելի չէ նման սխալը, դուք ըսէք՝ ամօթալի՛ է:

Սակայն դուք հանդիպա՞ծ էք արեւելահայու մը, որ ամչնայ իր լեզուական մեղանչումէն,—  քաւ լիցի:  Լեզուն ի՞նչ է, որ մարդ մտահոգուի անոր բառերով:

Այս չէ բոլորը:

Ան յամառօրէն կը շփոթէ որ եւ որպէսզի շաղկապները, եւ որպէսզի կ’ըսէ  հոն, ուր պէտք է որ ըսել, ճի՛շդ ինչպէս կ’ընէ ռո՛ւսը:

--«Նա փորձում էր, որպէսզի անվնաս դուրս գայ գործարքից»:

Սա մաքուր ռուսաբանութիւն է, մէկը այն տասնեակներէն, հարիւրեակներէն, որոնք կ’աղարտեն հանուր արեւելահայութեան եւ ի մասնաւորի... Արման Բաբաջանեանի լեզուն:

Տակաւին չի վարանիր այս սխալ ընտրուած շաղկապը հնչիւնափոխելու եւ արտասանելու որպիսի. այս պարագային եւս ինք միակը չէ,  նոյնը կ’ընէ արեւելահայերուն մեծամասնութիւնը՝ մեծով ու պզտիկով, հրեայ թէ հեթանոս հաւասարապէս:

Իսկ «որպիսի»-ն  արդէն շաղկապ ալ չէ. ան յարաբերական դերանուն է հոն, ուր յարաբերականութեան ոչ մէկ նշոյլ կայ:

Քիչ է զարմանալ, թէ այս մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան նման անհեթեթեութիւններով  աղարտել այն աստուածային աւանդը, որ Ռաֆֆի, Թումանեան, Շիրազ, Կապուտիկեան, Մահարի, Զօրեան եւ նմանները կտակեցին իրենց:                 

Բաբաջանեան չի զլանար, անշուշտ,  այս բոլորը նաեւ համեմել օտարաբանութիւններով, ինչպէս՝  տրանսֆորմացիա, ֆիքսել, կոնկրետ, կոնֆլիկտ, անտագոնիզմ, լեգիտիմ... եւ հարիւրաւոր այսպիսիները, որոնք լեզուին ծայրը կազմ ու պատրաստ գորտի պէս անհամբեր կը սպասեն դուրս ցայտելու՝ արտասանուելու:

Մինչեւ որ շնչահեղձ ըեն զինք մտիկ ընողը:

Չընողն ալ, ինչպէս հեռաւոր Նուազի լը Գրանդի աւատապետը (աւազակապետ չհասկնաք սխալմամբ), որ այդպիսիներէն հազարներ ունի օժիտին մէջ պահ դրած:

Կը պատկերացնեմ խեղճին հոգեկան տառապանքը:

Դիւրին բան չէ նման աղբանոցի մը աւանդապահը ըլլալ:

2. Ներդնել   եւ ներդրել

Ստուգաբանօրէն կը նշանակէ ներս/մէջը դնել, իմա՝ ներկրել, ներածել:

Յարաբերաբար նոր բառ է. յառաջացած է անցած դարու երկրորդ կէսին, քանի ոչ Գայայեանը (1938) եւ ոչ Մալխասեանը (1944) ունին զայն: Ճիշդ չեմ կրնար  ըսել, թէ մեր  երկու բարբառներէն ո՛ր մէկը առաջին անգամ կիրարկեց զայն:

Անկէ ի վեր մեր բոլոր բառարաններն ալ  արձանագրած են ներդրել ճիշդ սկսբնաձեւը, կարելի է նաեւ ըսել, որ յաճախականութեան տեսակէտէ ալ աւելի կիրարկուողը այս վերջին ճիշդ ձեւն է՝ ներդրել-կը ներդրեմ-ներդրած-ներդրում:   Սակայն բաւական տարածուած է  ներդնել-կը ներդնեմ  սխալ ձեւը եւս՝ յատկապէս  արեւելահայոց մէջ, որոշ չափով ալ մեր մէջ:

                                                         *   *   *

Ներդնել սկզբնաձեւի սխալ ընտրութիւնը ինքնաբերաբար կը մղէ, որ՝ 

ա. մէկ կողմէն յառաջանայ ներդնուել կոչուած կրաւորական այլանդակութիւնը,

բ. միւս կողմէ՝ ներդրի անցեալ կատարեալը, ճիշդ ինչպէս կ’ըսենք դնել-դրի:

Այս վերջինն ալ պատճառ դարձած է, որ արեւելահայերէնի մէջ կողք-կողքի գոյակցին երկու անցեալ կատարեալներ՝ ներդրի եւ ներդրեցի:

Փութամ ըսելու, որ արեւմտահայերէնը չունի նման երկւութիւն:

Նեդրի ըսող կամ գրող արեւմտահայու չեմ հանդիպած:

Ըմբռնելի չէ, թէ ինչո՞ւ  իր  այնքան  տկար միջոցներով արեւմտահայը կը յաջողի իւրացնել ճիշդ ու միասնական ձեւը, իսկ արեւելահայը հակառակ իր այնքան լայն  միջոցներուն կը տապլտկի նման աղաւաղումներու տիղմին մէջ: 

Մի՞թէ իր դպրոցական երկար տարիներուն բնաւ չէ ակնարկուած, թէ դնել ածանցաւոր բայի,— որ կու տայ դրի-դրիր-դրաւ... ածանցական խոնարհումը,— բարդութեանց մէջ կը ստանայ պարզ  կանոնական խոնարհում՝ ներդրեցի-ներդրեցիր-ներդրեց, ճիշդ ինչպէս կը խոնարհենք քալել կամ պարել պարզ կանոնաւոր բայերը՝ 

քալեցի-քալեցիր-քալեց պարեցի-պարեցիր-պարեց

Նոյն կանոնաւորութիւնը կը ցուցաբերեն դնել-ի ընտանիքի միւս բայերը.

յուսադրեցի   կարգադրեցի կէտադրեցի   շարադրեցի    

յուսադրեցիր   կարգադրեցիր          կէտադրեցիր     շարադրեցիր

յուսադրեց   կարգադրեց               կէտադրեց   շարադրեց

3. Ուսանում

Այս բառին առաջին անգամն է կը հանդիպիմ... արեւելահայ բնագրի մէջ.

--[Գրաբարի] ուսանումը հնարաւորութիւն է տալիս լայնացնել մեր լեզուական ու մշակութային գիտելիքները («Ասպարէզ», 17/5/2024): 

Նախ  չուզեցի հաւատալ, թէ նման բառ մը ունի հայերէնը,— եւ իրօք ալ արեւմտահայերէնը չունի զայն,— սակայն  եւ այնպէս ան կը գտնուի   Ակադեմիայի քառահատոր եւ  Աղայեանի երկհատոր բացատրական բառարաններուն մէջ:

Կը գտնենք, այո:

Մալխասեանը, սակայն,  չունի նման բառ, իսկ Ակադեմիայի եւ Աղայեանի բառարանները ոչ մէկ բնագրային օրինակ  բերած են:

Միւս կողմէ՝ ընդհանուր հայերէնի մէջ անում  մասնիկը  եւս չունինք:

                                                               *   *   *

Այս ուսանում-ը պէտք չէ շփոթել արեւելահայերէնի անկատար ներկան եւ անկատար անցեալը կազմող եւ ում-ով վերջացող դերբայներով.

ուսանում  եմ/էի քայլում  ես/էիր շարադրում  է/էր

Ասոնք դերբայներ են. ուրեմն այստեղ երեւցող ուսանում-ը իր կարգին դերբայ է:

Մինչ  մեր բերած բնագրային ուսանում-ը հասարակ գոյական է եւ ենթական է   տալիս է  բային: Այսպիսիները կը կոչուին «բայանուն»՝  բայէ յառաջացած  անուն:

Արդ, հայերէնը, ընդհանուր հայերէնը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, ում--ով բայանուն կը կազմէ այս  մասնիկը   ուղղակի դնելով բայի արմատին  կամ բունին վրայ. սա՛պէս՝

 ցուց-անել > ցուց-ում            կառուց-անել > կառուց-ում            հատ-անել > հատ-ում  

Հետեւաբար, ուս-անիլ  պիտի տայ ուս-ում,  ուսուց-անել պիտի տայ ուսուց-ում: 

Ծանօթ. —  Բերուած ածանցաւոր բայերուն հետ պէտք չէ շփոթել դաւանիլ, ծածանիլ, հաւանիլ, սասանիլ, տատանիլ, որոնք պարզ բայեր են՝ դաւան, ծածան, հաւան, սասան, տատան  արմատներով կամ հիմքերով:

   Մրցոյթ 171.

***Վերաշարադասէ հետեւեալը.

---Մասիսի երիտասարդները ստիպուած են Երեւանի մէջ յագեցնել մշակութային քաղցը:

***Կէտերը փոխարինէ հետեւեալներէն մէկով՝  

---Մի՛շտ ներէ թշնամիներուդ. ոչինչ զիրենք  պիտի այնքան յաղթէ (Նափոլէոն):

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.

---Պատգամաւորին եւ անոր կնոջ մեղադրանք առաջադրուած է 600.000 դոլար կաշառք ստանալնուն պատճառով:

***Ինչպէ՞ս կը թօթափես հետեւեալին  կրկնաբանութիւնը.

---Սուրիացի տեղահանուածներու(ն) տունդարձը պիտի սկսի  այսօր՝ առաւօտեան ժամը 5-ին

***Ջնջէ՛ հետեւեալին երեք աւելորդ բառերը:

---Մարդոց մեծամասնութեան համար անոնց առաջին յիշատակները կ’արձանագրուին մօտաւորապէս երեք տարեկանին շուրջ:

(ընդունելի՝   մօտաւորապէս երեք տարեկանին շուրջ)

Ճիշդ պատասխանած են՝  Գէորգ Եազըճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (3), Համբարձում Յարթունեան (7),Փասքալ Կոպել (6),Պերճ Տէր Սահակեան (3), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), ԳԵղամ Խաչատրեան (10):

Մրցոյթ 172.

***Լրացո՛ւր կէտերը:

---Շատ անհաճոյ է բամբասուիլ շրջապատէն,  սակայն անհամեմատ աւելի անհաճոյ է բնաւ  . . . . . . . . . .:

***Փոխարինէ՛ սխալ կիրարկուած բառը:

---Երեւան եւ Բաքու տարակարծիք հարցերու շուրջ պիտի բանակցին:

***Փորձէ՛  աւելի տպաւորիչ ու բարեհունչ շարադասել հետեւեալը.

---Ո՞ր տարիքէն մեր առաջին յիշատակները կ՛արձանագրուին:

***Կէտերը փոխարինել այլ կամ այլեւ շաղկապով.

---Ոչ միայն  նշենին, . . . . . . . . . . բոլոր ծառերը  ծաղկած են:

     Ոչ միայն նշենին, . . . . . . . . . .  բոլոր խնձորենիները ծաղկած են:

***Դադրած է՞,  թէ՞ դադրած են:

---Աշխատանքէ  . . . . . . . . . . 7 հիւանդանոց  32 բուժծառայողով:

     Աշխատանքէ  . . . . . . . . . . 7 հիւանդանոց եւ 32 բուժծառայող:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com