image

Հայերէնը կը զուարճանայ (168)

Հայերէնը կը զուարճանայ (168)

1.Շնորհաւորանք

--«Ազատ օր»-ին՝ խորհրդանիշեր յոգնակիի ճիշդ գործածութեան համար, 

--«Արարատ»-ին՝ ծրագրեր յոգնակիի ճիշդ գործածութեան համար:

2. «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը ունի լեզուական այնպիսի գաղտնիքներ,— դուք ըսէք՝ առեեղծուածներ,—  որոնք ի վաղուց անտի անծանօթ կը մնան հասարակ մահկանացուներուս: 

ա) Առեղծուած առաջին

--«Իսրայէլեան բանակը Այթա Շաապի վերեւ 60 ֆոսֆորային հրթիռ արձակեց, իսկ 5 ֆոսֆորային հրթիռներ արձակեց  Ռամիայի ուղղութեամբ» (4/4/24, էջ 1, ա. սիւնակ):

Հարցում՝

—Ինչպէ՞ս բացատրել, որ  60 հրթիր-ը ըլլայ եզակի, իսկ 5 հրթիրներ-ը ըլլան...  յոգնակի:

*    *    *

Եւ դեռ...

Իսրայէլ իր հրթիռները կը նետէ Այթա Շաապի վերե՞ւ, թէ՞ վրայ:

Բաղդատել.

--Մեր գլխուն վերեւ կը պլպլային  անհամար աստղերը:

--Գլխուն վրայ մէկ հատ սեւ մազ չէ մնացած:

Իսրայէլ աստղե՞րը կը հրթիրակոծէր, թէ՞ հարաւային Լիբանանի հողը:

բ) Առեղծուած երկրորդ

Կրնա՞յ նոյն բառը  թէ՛ եզակի ըլլալ, թէ՛ յոգնակի... նոյն գրութեան մէջ:

—Ո՛չ,— պիտի ըսէ յետադիմական մահկանացուն, այսինքն՝  ես, դուն, ան...:

Սակայն ուրիշ բան  ըսած է եւ անշեղ պիտի շարունակէ ըսել «Ազդակ»-ի քաղաքական  յառաջդիմական էջը:

Որ ահաւասիկ (5/4/2024, էջ 8, ա. սիւնակ).

--«Միացեալ Նահանգներ  veto պիտի կիրարկէ՞, թէ՞ ոչ…  (եզակի)

--Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնեն  ֆինանսաւորումը... (յոգնակի)

3. Հայրենի իրականութիւնը իր կարգին կծիկ մըն է առեղծուածներու:

Տգիտութիւնն ու թափթփածութիւնը մեծ տեղ ունին այստեղ:

Թող վկայ ըլլան հետեւեալները.

***Օրերս Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենար «ազգային հերոսի կոչում շնորհելու» արարողութիւն մը. այդ հերոսը կը կոչուի՝

--ըստ «Արմէնպրես»-ի՝  Տիգրան Իզմիրլեան,

--ըստ «Առաջին լրատուական»-ի՝ Դիկրան իզմիրլեան:  

Առանց մեկնաբանութեան...

***Չհաշուած  Պրիւքսելէն արտայանձնուած ինչ-որ Նազարիան մը... 

4. Նահանջը առանց երգի

Արեւմտահայերէնը կը նահանջէ:

Թերեւս պիտի նախընտրէիք ըսել, որ զայն գրողներն են նահանջողները:

Փաստը այն է, որ այսօր կը գործուին սխալներ, որոնցմէ տակաւին մօտիկ անցեալին զերծ էին մեր լրագիրները, որոնց շատ բան վստահուած է (արեւմտա)-հայերէնը պահպանելու դժուար ու արժանապատիւ առաքելութեան մէջ:

Տեսնենք քանի մը օրինակներ:

***Քաղաքացիներուն 75 առ հարիւրը  կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը («Ազդակ», 5/4/24, էջ 2):

«75 առ հարիւր»  բառակապակցութիւնը քերականօրէն եզակի է. ուրեմն      պարտէինք գրել՝ «75 առ հարիւրը  կորսնցուցած է իր  աշխատանքը»:

***Իսրայէլեան ուժերը կազմակերպեցին 6 սպանդ, որուն զոհ գացին 62 անձ («Արարատ, 5/4/24, էջ 1):

«6 սպանդ» բառակապակցութիւնը քերականօրէն եզակի է. օրինակ՝ ազատօրէն կարելի է ըսել.

— 6 սպանդ տեղի ունեցաւ:

— 6 փամփուշտ մնաց:

— 6 տարի անցաւ:

Սակայն երբ նման բառակապակցութիւններ իբրեւ յարաբերեալ կը ծառայեն ստորադաս նախադասութեան մը,  ապա յարաբերական դերանունը պարտինք յոգնակի կիրարկել. սա՛պէս՝

—Կազմակերպեցին 6 սպանդ, որոնց  զոհ գացին...:

—Մնաց 6 տարի, որոնք  յաւիտենականութիւն մը կը թուին:

Այստեղ կը գտնենք թուային երկրորդ սխալ մը եւս. որ ահաւասիկ.

«62 անձ» բառակապակցութիւնը իր կարգին քերականօրէն եզակի է, ճիշդ «6 սպանդ»-ին պէս. ուրեմն կը պահանջէ եզակի դիմաւոր բայ, այսինքն՝ «զոհ գնաց» եւ ոչ թէ «զոհ գացին»:

Ուղղենք ամբողջ նախադասութիւնը.

--Իսրայէլեան ուժերը կազմակերպեցին 6 սպանդ, որոնց զոհ գնաց 62 անձ:

Մեր լեզուն ճկուն է եւ կը թոյլատրէ, որ ըսենք նաեւ՝ «զոհ գացին 62 անձեր»:

***Երուանդ Ազատեան նուիրեալ մըն էր Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Թեքէեան մշակութային միութեան, որուն աւանդը մեծ է մեր կազմակերպութեան արդի պատմութեան մէջ («Զարթօնք», 2/4/24, էջ 1):

Ճիշդ որո՞ւ կամ ինչի՞ աւանդը մեծ է՝  ա) Երուանդ Ազատեանի՞, թէ՞ բ) կուսակցութեան ու միութեան,— յայտնի չէ, ստոյգ չէ, մէգ ու մշուշ է:

ա)Եթէ Երուանդ Ազատեանի աւանդն է մեծը, ապա պարտէինք գրել.

--Երուանդ Ազատեան, որուն աւանդը մեծ է մեր կազմակերպութեան արդի պատմութեան մէջ, նուիրեալ մըն էր Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Թեքէեան  մշակութային միութեան:

բ) Իսկ եթէ կուսակցութեան եւ միութեան աւանդն է մեծը, ապա պիտի գրէինք. 

--Երուանդ Ազատեան նուիրեալ մըն էր Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Թեքէեան մշակութային միութեան, որոնց աւանդը մեծ է մեր կազմակերպութեան արդի պատմութեան մէջ:

Մրցոյթ 165.

***Հետեւեալին մէջ կայ բառ մը, որ իր տեղը չէ. վերադարձո՛ւր ճիշդ  տեղը:

---Փաշինեան  մեղադրեց Ռուսիան`ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ:

***Կէտերը փոխարինէ հետեւեալներէն մէկով՝ շնորհիւ, պատճառով, հետեւանքով, բերումով.

---Երկարատեւ  անձրեւներու բերումով գալիօրէն աւելցաւ անձրեւանոցի վաճառքը:

***Դուն ինչպէ՞ս կը գրէիր հետեւեալը.

---Աշտարակի մէջ կայ  վայր մը, ուր մէկ անգամ այցելելէ ետք՝ կը ցանկաս անընդհատ  վերադառնալ: 

***Սրբագրէ՛ սխալ կիրարկուած բառերը:

---Նախագահը ընդունեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական կացութիւնը:

---Հաստատութիւնները փակ պիտի մնան Ֆիթրի առաջին եւ երկրորդ օրերը

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գեղամ Խաչատրեան (7), Գէորգ Եազըճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (6), Համբարձում Յարթունեան (8), Վարդի Դանիէլեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (9), Վահէ Աբէլեան (9), Արազ Գոճայեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6): 

Մրցոյթ 166.

***Կէտերը փոխարինէ գտնել կամ հնարել բայերէն մէկով:

---Քոլոմպոս  . . . . . . . . . . Ամերիկան:

     Ամերիկացիք . . . . . . . . . . հիւլէական ռումբը:

     Մեսրոպ Մաշտոց  . . . . . . . . . հայոց գիրերը:

     Չինացիք . . . . . . . . . . վառօդը: 

***Կէտերուն տեղ դի՛ր է կամ են:

---Վեդիի բնակիչներուն հիմնական զբաղումը հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնն ..........:

***Փորձէ՛ լեզուական այս գոհարը գրել առանց երեք մէջ-երուն:

---Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է («Ազդակ», 9/4/24):

***Ինչպէ՞ս կը վերաշարադասես հետեւեալները.

---Ոչ թէ մեր նպատակն է այս կացութեան սրումը, այլ անոր օր առաջ  մեղմացումը:

---Նախ տիրանանք տարրական մեր իրաւունքներուն, ապա  համամարդկային մտահոգութիւններուն դարման բերենք:

 


Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com

 

Յաւելուած՝  վարը.

Մեծարգոյ  տնօրէնութիւն «Ազդակ»-ի,

Աչքի առաջ ունենալով Քաղաքական էջիդ ամբողջական ու անսակարկ նուիրումը հայոց լեզուի անաղարտութեան, կու գամ Ձերդ բարձր ուշադրութեան յանձնել  լեզուական  մէկ թիւր կիրարկումը ներառեալ բառին, որ կը նշանա-կէ ներառելով, ինչպէս սկսեալ կը նշանակէ սկսելով:

Ահաւասիկ այդ թիւր կիրարկումը.

***Մենք շրջանի բոլոր երկիրներուն , ներառեալ  Իրանի հետ, լաւ յարաբերութիւններ կ'ուզենք ունենալ (16/4/24, էջ 8):

Որ կը նշանակէ հետեւեալ անհեթեթութիւնը.

***Մենք շրջանի բոլոր երկիրներուն , ներառելով  Իրանի հետ, լաւ յարաբերութիւններ կ'ուզենք ունենալ: 

Ներառելով-ը հայցական հոլով խնդի կը պահանջէ, հայերէն չէ «ներառելով Իրանի հետ» բառակապակցութիւնը, որ իմաստ չունի:

Կարդացողը պիտի զարմանայ, թէ մեր հարիւրամեայ թերթը ինչպէ՞ս կրնայ նման հայերէն մը գրել՝ մանմաւանդ ճանչնալով անոր  բծախնդիր ու արժանապատիւ աշխատակիցները:

Ներառեալ-ը միշտ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ. ուրեմն՝

***Մենք լաւ յարաբերութիւններ կ'ուզենք ունենալ աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ, ներառեալ Իրանը (հայցական հոլով):

Այլ օրինակ՝ 

***Մեր հաստատութիւնը բաց է շաբթուան բոլոր օրերը, ներառեալ կիրակի:

***Ան քէնցաւ բոլորէն, ներառեալ  հարազատ եղբայրը:

***Մենք կը հպարտանանք մեր բոլոր հերոսներով, ներառաեալ Վարդան Մամիկոնեանը:

Այլ խօսքով՝ նախադասութեան միւս խնդիրները ի՛նչ հոլով ալ ունենան՝ տրական, բացառական, գործիական, ներառեալը պարտի առնել հայցական հոլով խնդիր:

Հաւանաբար վրիպած է այս կէտը Ձեր աշխատակիցի բարձր ուշադրութենէն կամ թէ որեւէ ատեն իր  ազնիւ ուշադրութեան յանձնող չէ եղած նման կանոն մը, եւ գործուած է այս սխալը:

Յուսալի է, որ այսուհետեւ  չի գործուիր ան:

Ականջի օղ դարձնել՝

                      ներառեալ   =    ներառելով

սկսեալ        =    սկսելով

Խոնարհաբար...

                                                                                                                                      Ա. Ե.